2014-08-23 09:51:30

Հռոմի թեմի համալսարականներու ուխտագնացութիւնը դէպի Լուրտի Մարեմեան սրբավայրը, ընկերակցութեամբ Հռոմի տեղապահ կարտինալ Վալլինիի, ունենալով որպէս բնաբան ``ապաշխարանքի ուրախութիւնը``։


25-29 Օգոստոս Հռոմի թեմի համալսարականները ուխտագնացութիւն կը կատարեն դէպի Լուրտի մարեմեան սրբավայրը, ընկերակցութեամբ Հռոմի տեղապահ կարտինալ Վալլինիի։ Ուխտագնացութեան բնաբանն է ``ապաշխարանքի ուրախութիւնը``։
2014 ուխտագնացութիւնը կը զուգադիպի շարք մը տարեդարձերու` Հռոմի ուխտագնացութեան գրասենեակին հիմնարկութեան 80-րդ տարեդարձը ։ Կարտինալ Վալլինիի քահանայութեան 50-րդ ու եպիսկոպոսութեան 25-րդ զոյգ տարեդարձերը։ Ուխտագնացութեան առաջին օրը նուիրուած է հիւրընկալութեան, երկրորդ օրը խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարութեան, մինչ 3-րդ օրը նուիրուած է Եկեղեցւոյ 7 խորհուրդներուն. ``Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը կ`ընէ Եկեղեցին եւ Եկեղեցին կ`ընէ ս. Հաղորդութիւնը խորհուրդներու միջոցաւ`` նիւթին մասին։ Չորեքշաբթի 27 Օգոստոս տօնախմբութիւն պիտի կատարուի նուիրուած Հռոմի ուխտագնացութեան գրասենեակին 80 տարիներուն, կարտինալ Վալլինի քահանայական ձեռնադրութեան 50-րդ եւ եպիսկոպոսութեան 25-րդ օծումը։ Այս առթիւ ֆրանսայի Թարփ-Լուրտ թեմի առաջնորդը` գերապայծառ Նիքոլա Ժան Ռընէ Պրուեթ կարտինալ Վալլինիին պիտի շնորհէ ``Լուրտի պատւոյ մատրանապետ``ի տիտղոսը։ Նոյնպէս պիտի յիշատակուի ուխտագնացութեան մասնակցող կարգ մը ուխտաւորներու ամուսնութեան տարեդարձը եւ քահանայութեան տարեդարձը։ Իսկ չորրորդ օրը պիտի նուիրուի Աստուածամօր, ուր պատարագ պիտի մատուցուի Լուրտի քարայրին մէջ, ուր Տիրամայրը երեւեցաւ սրբուհի Պերնարտեդ Սուբիրուսին սկսեալ 11 Փետրուար 1858-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.