2014-08-22 10:44:55

''ֆրանչիսկոս Քահանայապետի համար անկար մանուկներու հետ ողջագուրումը՝ եղաւ իր առաքելական այցելութեան ամենանշանակալից ու տպաւորիչ պահը՝՝յայտարարեց Քորէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քորէա առաքելական այցելութեան, Քորէցայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հաշուէկշիռ մը ներկայացնելով, գերապայծառ Փիթէր Քանկ Ու -Ւլ`, ըսաւ, թէ Հռոմի Պապի այցելութիւնը Քորէա, եղաւ հաւատքի մեծ յաջողութիւն։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անջնջելի հետք մը թողուց հաւատացեալներուն եւ Քորիացի ժողովուրդին վրայ։Եթէ կ'ուզենք խօսիլ իր ներկայութեան ամենէն նշանակալից պահուն մասին` տարակոյս չկայ թէ անիկա եղաւ ''Ծաղիկներու Գիւղի'' այցելութիւնը, ու անոր մէջ գտնուող անկար մանուկներու հետ ողջագուրումը։ Մէկիկ մէկիկ ողջունեց զանոնք եւ նախատեսուած ժամանակէն աւելի մնաց, (մէկ ժամ` փոխանակ նախատեսուած կէս ժամէն)։
Սրբազան Հայրը նպաստաւոր տպաւորութիւն թողուց բոլոր քորէացիներուն վրայ։ Մեզի հետ ապրեցաւ անմոռանալի պահեր, ինչպէս Քորէայի նահատակներու երանացումը եւ Ասիայի երիտասարդութեան հետ հանդիպումը­ հրաւիրելով զանոնք ''Արթուն մնալ եւ հսկել''։
Գերապայծառ Փիթէր Քանկ Ու –Ւլ, ապա հաստատեց, թէ ''այս այցելութենէն սորվեցանք, որ հոգեւոր կեանքը զուգահեռ պէտք է ընթանայ մերձաւորին եւ տկարին հանդէպ ուշադրութեամբ։
Նշենք, որ Քորէական ընկերութիւնը կը հետեւի ''Գոմբուկիոսի'' աւանդութեան, ուր տկարը անտեսուած է եւ տարեցը նկատուած է անօգուտ։ Սրբազան Քահանայապետին կեցուածքը եւ անոր մօտիկութիւնը երախաներուն` նոր սլացք մը պիտի տայ քորէական ընկերութեան ու մեծ արձագանգ գտաւ քորէական մամուլին մօտ։







All the contents on this site are copyrighted ©.