2014-08-22 12:10:31

66 խաղաղութեան նոպելեան մրցանակիրներու կոչը Պաղեստինի եւ Իսրայէլի պատերազմողներուն՝ յարգելու համար մարդկային իրաւունքները


66 խաղաղութեան նոպելեան մրցանակիրներ եւ 203 եւրոպացի դիւանագէտներ եւ այլ միջազգային անձնաւորութիւններ` նման Հարաւային Ափրիկէի անկլիգան արքեպիսկոպոս՝ Տեսմոն Թութու եւ Տալաի Լամա կոչ ուղղած են յարգելու մարդու իրաւունքը եւ վերջ տալու ռմբակոծումներու անմեղ քաղաքացիներուն դէմ, յիշեցնելով, որ ռումբի ոյժով կարելի չէ լուծել ընդհարումները։ Կոչը ստորագրողները կը յուսան հիմնական չորս նպատակներու հասնիլ. Վերջ տալ Կազայի շրջափակումին, որպէսզի անոր բնակիչները կարողանան բացուիլ աշխարհի, կերտել նոր տնտեսութիւն մը՝ կարող բարւոքելու անոնց մարդկայնական կացութիւնը։ Պաղեստինցիները իրենց կարգին վերջ տան հրթիռներու արձակումները Իսրայէլի ուղղութեամբ։ Իրենց այս խնդրանքով կոչը ստորագրողները կը յուսան փոխադարձ վստահութիւնը հաստատել պաղեստինցիներու եւ հրեաներու միջեւ եւ հրաւիրել զանոնք կլոր սեղանի մը շուրջ նստիլ եւ անկեղծ բանակցութիւններ կատարել, հովանաւորութեամբ Եւրոպայի Միութեան, որպէսզի երկու ժողովուրդները ապրին անվտանգութեամբ, արժանաւորութեամբ եւ արդարութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.