2014-08-20 11:28:28

Կարտինալ ֆիլոնիի համար Իրաքի պատերազմը կը պատկանի համայն մարդկութեան։


Իրաքի հարցը ոչ միայն տեղական ողբերգութիւն մըն է յաչս քրիստոնեաներուն եւ եզիտիներուն, այլ հարց մըն է որ կը պատկանի ամէն անհատի որ կը շահագրգռուի համայն մարդկութեամբ, ըսաւ կարտինալ ֆիլոնի` Իրաքի հարցով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին յատուկ պատուիրակը։
Նախքան Իրաքէն մեկնիլը Կարտինալը հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ ֆուատ Մասսումի հետ ու անոր յանձնեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մէկ պատգամը։ Կարտինալ ֆիլոնի ընդգծեց թէ իր առաքելութեան նպատակն է Հռոմի Պապի հոգեւոր ու բարոյական մօտիկութիւնն ու օգնութիւնը ցուցաբերել Իրաքի ժողովուրդին։







All the contents on this site are copyrighted ©.