Արեւելքի Պատրիարքներու պատուիրակութիւն մը կ՛այցելէ Իրաք։
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն
Արեւելքի կաթողիկէ յարանուանութեան բոլոր պատրիարքները, այսօր կը մեկնին Հիւսիսային Իրաքի
քրտական ինքնավար մարզ` զօրակցութիւն յայտնելու Էրպիլի, Նինուէի եւ Մուսուլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի
վայրագութիւններուն հետեւանքով, իրենց քաղաքներէն վտարուած եւ հոն ապաստան գտած քրիստոնեաներուն
։ Իր կեցութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը հանդիպումներ կ՛ունենայ Քիւտիստանի ինքնավար
շրջանի պատկան իշխանութիւններուն հետ ինչպէս նաեւ Քաղտէացիներու` գերերջանիկ Լուիս Սաքօ
Պատրիարքին հետ։ Յայնտենք որ վերոյիշեալ պատուիրակութիւնը Իրաք կը ժամանէ, Սրբազան
Քահանայապետի յատուկ Պատուիրակ` Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիին Իրաք կատարած առաքելութեան
աւարտին։