2014-08-19 09:08:13

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը վերադարձաւ Վատիկան։


13- 18 օգոստոս 2014, հինգ օր տեւած, հարաւային Քորէա կատարած հովուական ճամբորդութեան աւարտին, երկուշաբթի 18 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 6-էն մի քանի վայրկեան առաջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժամանեց Հռոմի Չամփինօ օդակայն եւ ինչպէս մեզ վարժեցուց, իր առաջին մտահոգութիւնը եղաւ, ուղղուիլ Հռոմի Աստուածամօր նուիրուած` Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա, Տիրամօր աղօթելու եւ երախտագիտութիւն յայտնելու, առաքելական ճանապարհորդութեան յաջողութեան համար։
Սրբազան Հայրը Սանթա Մարիա Մաճճորէ ժամանելուն պահ մը աղօթեց Աստուածամօր ''Salus Populi Romani ''սրբապատկերին առջեւ ու ապա այնտեղ զետեղեց փունջ մը վարդ` զոր առաօտեան իրեն նուիրած էր Քորէացի Մարի Սոլ անունով աղջնակ մը։
Հռոմ վերադարձի ճանապարհին, օդանաւի մէջ, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը յայտնած էր թէ ինք կը փափաքէր Քորէայի գոյներով ծաղկեփունջ մը նուիրել Աստուածամօր, սակայն առաւօտեան այդ նուէրը ստանալով, մտադրեց Տիրամօր նուիրել զայն, որպէս Քորէացիներու կողմէ յատուկ յիշատակ։







All the contents on this site are copyrighted ©.