2014-08-18 09:30:30

Քորէայի ''խաղաղութեան եւ հաշտութեան'' եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 13 – 18 օգոստոս Քորէա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, պատարագ մատոյց երկու Քորէաներու խաղաղութեան եւ հաշտութեան դիտաւորութեան։ Այս առթիւ արտասանած իր Քարոզին սկիզբը, Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ Քորէա իր կեցութիւնը կը հասնի իր աւարտին ու շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ ''այս երկրին շնորհած բազմաթիւ պարգեւներուն համար''։
''Իմ այցելութիւնս վերջ կը գտնէ այս արարողութեամբ, որուն ընթացքին Աստուծմէ կը հայցենք խաղաղութեան եւ հաշտութեան շնորհքը, աղօթք մը Քորէայի ընտանիքի հաշտութեան համար'', ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ընդգծեց թէ ''հաշտութեան, միութեան եւ խաղաղութեան Աստուածային պարգեւները, անքակտելի կերպով կարչած են ապաշխարութեան շնորհքին։ Այսինքն սրտի կերպարանափոխութեան ` որ կը բարեփոխէ մեր կեանքի եւ մեր պատմութեան ընթացքը, ըլլայ որպէս անհատներ ըլլայ որպէս ժողովուրդ։
Քորէացի ժողովուրդին պատմութեան փորձառութեան ընդմէջէն, որ յատկանշուած է 60 տարիներէ գոյատեւող բաժանումի եւ հակամարտութեան փորձառութեամբ, Սրբազան Հայրը յորդորեց վստահիլ ''Քրիստոսի խաչի զօրութեան վրայ''։
''Աստուծոյ ապաշխարութեան հրատապ հրաւէրը, կոչ կ՛ուղղէ նաեւ Քորէայի մէջ Քրիստոսի հետեւորդներուն, քննարկելու իրենց սատարին որակը, ի սպաս աւելի արդար եւ մարդկային ընկերութեան մը կառուցման։ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ հաւատալ թէ ներումը` դէպի հաշտութիւն առաջնորդող նրբանցքն է։ Ու մեզի կը թելադրէ ներել մեր եղբայրները, առանց վերապահութեան։ Ան մեզմէ կը խնդրէ արմատական քայլ մը առնել, ու միեւնոյն ատեն մեզի կը պարգեւէ այդ ընտրանքը կատարելու շնորհքի ուժը։
''Վստահութիւն ունեցէք Քրիստոսի խաչի զօրութեան վրայ '' – յանձնարարեց Քահանայապետը - եւ վկաները դարձէք բարեկամութեան եւ համագործակցութեան, այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու հաւատացեալներուն ինչպէս նաեւ այլ կրօններու հետեւորդներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներու հետ միասին։ ''Բոլոր Քորէացիները իրարու եղբայր ու քոյրեր են, մէկ ազգի անդամներ'' – հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը – հրաւիրելով ներկաները աղօթել ''նոր երկխօսութիւններու հնարաւորութեան կարելիութիւններուն համար, հանդիպումի եւ զանազանութիւններու գերազանցումին եւ կարիքաւորներուն մատուցելու շարունակական օժանդակութիւն''։
Յայտնենք թէ, Սուրբ Զոհին ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներէն խնդրեց նաեւ աղօթել` Կարտինալ Ֆիլոնիին համար որ – ըսաւ Ան – մեր մէջ պիտի գտնուէր, սակայն ստիպուած եղաւ Իրաք երթալ, օգնելու համար հալածուածներն ու մերկացածները եւ բոլոր կրօնական փոքրամասնութիւնները որոնք այդ հողին վրայ կը տառապին''։ Սրբազան Քահանայապետը աղա հայցեց ''Տէրը թող անոր առաքելութեան ընկերանայ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.