2014-08-18 09:09:16

Սէուլի ''Myeongdong'' անուան Մայր Տաճարին հակիրճ պատմականը թուականներով։


1890 թուականին, գերապայծառ Ժան Մ. Պլանք՝ Սէուլի թեմի 7-րդ եպիսկոպոսը, շերտ մը հող կը գնէ ։ 8 մայիս 1892-ին, Գերապայծառ Աուկուսթ Մութէլ՝ թեմի ութերորդ եպիսկպոսը, հանդիսաւոր արարողութեամբ առաջին քարը կը զետեղէ տաճարին շինարարութեան ու ապա 29 մայիս 1898-ին, գերապայծառ Մութէլ, տաճարին օծման արարողութիւնը կը կատարէ։
1900-ին, քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի շրջանին, Մայր տաճարին մէջ կը թաղուին 16 նահատակներ։
1942-ին, Յունուարին, Սէուիլ թեմը կ՝ունենայ իր առաջին Քորէացի առաքելական կառավարիչը՝ հայր Noh Gi-nam։
1948-ին, տաճարին 50 ամեակի առթիւ, պազիլիքային դիմաց կը զետեղուի
Տիրամօր գեղեցիկ արձան մը։
1950-ին, պատերազմի շրջանին, Եկեղեցւոյ ներքին մասերը կը վնասուին, եւ կր հանդիսանայ որպէս գաղթականներու ապաստանի վայր։
1962-ին, Քորէայի մէջ կը հիմնուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտօնական ենթակառոյցը իր 11 թեմերով՝ հովանաւորութեամբ չորս արքեպիսկոպոսներու։
1968-ին, Գերապայծառ Ստէֆէն Սու-Հվան կը նշանակուի Սէուլի թեմի 12-րդ առաջնորդը։ Յաջորդ տարին 1969-ին, Գերապայծառ Սու­Հվան կը նշանակուի Քորէայի եկեղեցւոյ առաջին Կարտինալը։
1984-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայայպետը, Քորէայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200 ամեակին առթիւ, հովուական այցելութիւն կը կատարէ Քորէա,
որուն ընթացքին Սուրբ կը հռչակէ 103 մարտիրոս Քորէացիներ։
1987-ին, Քորէայի մէջ կը տիրէ դժուար եւ անկայուն կացութիւն։ Այս տարիներու շրջանին, եկեղեցին կարեւոր դեր կ՝ունենայ մարդու իրաւունքի պաշտպանութեան առնչութեամբ։
1998-ին, Մայր տաճարի կառուցման 100 ամեակի առթիւ, Կարտինալ Սու-Հվան,
Քորէայի Պապական Նուիրակի եւ երկրի բոլոր կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ
միասին կը համապատարագեն Միոնկ Տոնկ եկեղեցւոյ մէջ։
2000 թուականին, մայր տաճարը կ՝ենթարկուի շինարարական աշխատանքներուն, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ զանգագատունը փոփոխութեան կ՝ենթարկուի։
16 փետրուար 2009-ին, կարտինալ Սու­Հվան իր մահականացուն կը կնքէ, անոր դիակը կը հանգչի տաճարին մէջ։
2012-ին, գերապայծառ Yeom Soo-jung կը նշանակուի Սէուլի թեմի 14-րդ Արքեպիկոպոսը։







All the contents on this site are copyrighted ©.