2014-08-18 09:48:36

Ռայի Պատրիարքը դարձեալ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան համար


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի, 17 օգոստոսին Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց քաղաքական պլոքներուն եւ երեսփոխաններուն վերջ տալու երկրին սահմանադրութեան խախտումներուն եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ երեք ամիսէ ի վեր նախագահական աթոռը թափուր պահելը երկրին սրտին մխրճուած մահացու հարուած մըն է:
Ռայի պատրիարքը ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան եւ բանակին գործունէութիւնը, որուն նկատմամբ պէտք է կատարեալ զօրակցութիւն ցուցաբերել` յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ի եւ Արսալի ահաբեկիչներուն դէմ անոր տարած յաղթանակին համար:
Ռայի պատրիարքը աղօթեց նաեւ գերեվարուած զինուորներուն ազատ արձակումին համար եւ դրուատեց 148 հազար լիբանանցի աշակերտներուն անորոշութեան վերջ տալու եւ պետական քննութեան անոնց մասնակցութեան համար անոնց վկայագիրներ յանձնելու որոշումը:
Միւս կողմէ, ան մաղթեց նաեւ, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պահանջած իրաւունքները կը վաւերացուին:
Ռայի պատրիարքը Իրաքի եւ Սուրիոյ խաղաղութիւն, Պաղեստինեան հարցին լուծում, բոլոր գաղթականներուն ապահով տունդարձ եւ լիբանանեան, պաղեստինեան ու սուրիական հողերէն իսրայէլեան ուժերու հեռացում մաղթեց:







All the contents on this site are copyrighted ©.