2014-08-18 09:57:31

''Կեանքը երկար ուղեւորութիւն մըն է, ուր պէտք է միասին ընթանալ Աստուծոյ ներկայութեամբ'' – ըսաւ Քահանայապետը Սէուլի մէջ հանդիպելով այլ կրօններու պատասխանատուներուն հետ։


Երկուշաբթի, 18 օգոստոսին, Սէուլի ժամով, առաւօտեան ժամը 09.00 ին, (Հռոմի ժամով՝ 02-ին), Ֆրանչիկսոս Պապը, Myeongdong տաճարին մօտ գտնուող նախկին թեմի շէնքի դիմաց հանդիպեցաւ Քորէայի զանազան կրօններու գերագոյն հոգեւոր Պետերու հետ ու անոնց ուղղած անպատրաստից խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ցուցաբերած ջերմ եւ սիրալիր ընդունելութեան համար։
''Կեանքը ուղեւորութիւն մըն է, երկար ուղեւորութիւն, ուր՝ չենք կրնար առանցին ընթանալ'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակեց
''Հարկ է քալել եղբայրներու հետ միաին՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ''։ Շնորհակալ եմ ձեզի, միասին ընթանալու այս ''ժէսթին'' համար՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ , որ է այն ՝ինչ որ Աստուած խնդրեց Աբրահամէն։
''Եղբայրներ ենք'' ըսաւ Քահանայապետը, '' իրար զիրար ճանչնանք որպէս եղբայրներ ու միասնաբար ընթանանք''։''Թող Տէրը օրհնէ մեզ։'' Եւ կը, խնդրեմ, հաճեցէք աղօթել ինծի համար՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.