2014-08-18 13:01:38

Զմմառու մայրավանքի՝ Փոխումն Սրբոյ Կուսին անուանակոչութեան տօնակատարութիւն


265 տարիներ շարունակ Տիրամայր Զմմառու հովանիին ներքոյ գործող Արծիւեան Միաբանութեան Վարչական Հայրերը, Վերափոխման Տօնը յաւուր պատշաճի կը մեծարեն իրենց բարեխօս Երկնաւոր Մօր՝ հայցելով անոր ողորմութիւնը եւ միջնորդութիւնը. «Տիրամայր Զմմառու, Աղօթեա՛ վասն մեր»:
Այս տարի եւս անխախտ մնաց աւանդութիւնը եւ 16 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց Արհի. Գէորք Արք. Խազումեան, որուն յաջորդեց երկու ժառանգաւորներու՝ Ժագ Քէշիշեանի եւ Համլէթ Այվազեանի միաբանական յանձնառութեան խոստումի արարողութիւնը ի դէմ Պատրիարաքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանին: Վերոյիշեալ արարողութեան յաջորդեց խաղողօրհնէք ապա հրավարութիւն եւ հիւրասիրութիւն վանքի շրջաբակէն ներս:
Իսկ 17 Օգոստոս 2014ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Զմմառու Մայրավանքը հիւրընկալեց Լիբանանի տարբեր շրջաններէն ժամանած հայորդիներ, որոնք հաղորդուեցան օրուան խորհուրդով, Հայրապետական Սուրբ և Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, հանդիսապետութեամբ Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց: Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Պատրիարքական Կռունկ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, խորանին սպասաւորեցին Զմմառու Ս. Միքայէլ Ընծայարանի եւ Եր. Իգնատիոս Մալոյեանի նորընծաներն ու ժառանգաւորները: Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ որպէս պատգամ հաղորդեց Տիրամօր շնորհած հոգեւոր ներդրումները Ս. Եղեղեցւոյ: Ան աւելցուց թէ Հայ ազգի զաւակներն ու հոգեւոր առաջնորդները այնքան մեծարած են Տիրամայրը անոր իսկ նուիրելով մեր եկեղեցիներուն անուանակոչումները ինչպէս՝ Վերափոխումն Սուրբ Կուսին՝ Զմմառու Մայրավանքը, Աւետումն Ս. Կուսին եւ ուրիշ եկեղեցիներ: Ան ցաւոտ սրտով յիշեց Միջին Արեւելքի մէջ սանձազերծուած վայրագութիւններու հետեւանքով թշուառ, անտէր դարձած քրիստոնեաները որոնք հալածանքի թիրախ եղած են: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը եզրափակեց Տիրամայրէն թախանձագին խնդրելով, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն հաստատէ եւ քրիստոնեաներուն անվտանգութիւնը ապահովէ, հայ ժողովուրդին սպառնացող կոտորածը կասեցնէ:
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը համաձայն հայկական սովորութեանց խաղողը օրհնեց:
Այնուհետեւ, հաւատացեալները վանքի դահլիճէն ներս իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ, վանքի Մեծաւորին ու վանական կղերին, ինչպէս նաեւ անոնք ստացան օրհնուած խաղողէն ու տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը:







All the contents on this site are copyrighted ©.