2014-08-17 10:20:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ճառը Ասիայի եպիսկոպոսներուն։


Կիրակի, 17 օգոստոսի առաւօտեան, Հայէմիի սրբավայրին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Ասիական ցամաքամասի եպիսկոպոսներուն ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, շեշտը դրաւ ցամաքամասի մէջ Եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերին, ուր կ՛ապրին մշակոյթներու ընդարձակ զանազանութիւն մը։
Եկեղեցին – ըսաւ Քահանայապետը - կանչուած է Աւետարանը վկայելու, բոլորին հանդէպ մտային բացուածքի եւ երկխօսութեան միջոցաւ, որպէս հիմ ունենալով միշտ, քրիստոնէական ինքնութիւնը։
Կարելի չէ յանձնառու երկխօսութիւն մը սկսիլ եթէ իրազեկ չենք մեր ինքնութեան։ Հարկ է որ մենք գիտնանք թէ ո՞վ ենք եւ թէ ի՞նչ ըրաւ Աստուած մեզի համար եւ թէ ի՞նչ կ՛ուզէ Ան մեզմէ։ Ու եթէ չենք ուզեր որ մեր հաղորդակցութիւնը դառնայ մենախօսութիւն, բաց միտք եւ բաց սիրտ մը ունենալու ենք, ընդունելու համար այլ մշակոյթի պատկան անհատները – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու այս առնչութեամբ ընդգծեց երեք դժուարութիւններ` յարաբերականութիւն, մակերեսային վարմունք, եւ օրէնքներու ու կանոններու ետեւ պահուըտիլ։
Քրիստոսի մէջ ողջ մեր հաւատքն է որ կը կազմէ մեր ամենախոր եւ պտղատու ինքութիւնը որ կը ծնի եւ կը սնանի մեր Տիրոջ հետ ունեցած երկխօսութեան շնորհքէն եւ Սուրբ Հոգւոյն ներշնչումէն որ կու տայ արդարութեան, բարիութեան եւ խաղաղութեան պտուղներ։
Նորին Սրբութիւնը ապա եպիսկոպոսներուն հարց տուաւ ըսելով. ''արդե՞օք ձեր յատուկ եկեղեցիներու քրիստոնէական ինքնութիւնը բացայայտ կերպով կը յայտնու՞ի ձեր կրօնուսուցումի յայտագիրին մէջ եւ երիտասարդներու հանդէպ հովուական գործունէութեամբ,աղքատներու ի սպաս ծառայութեամբ եւ բոլոր անոնց որոնք կը նուաճին մեր հարուստ ընկերութիւններու լուսանցքին տակ, ինչպէս նաեւ ձեր` ի գործ դրած ջանքերուն ուղղելու համար կոչումները դէպի քահանայութեան եւ կրօնական կեանքին։
Հուսկ իր ճառը եզրափակելով Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ ՝՝քրիստոնեաներու յատուկ ինքնութեան իմաստին գիտակցութեան զուգահեռ, ճշմարիտ երկխօսութիւնը կը պահանջէ նաեւ կարեկցութեան կարողութիւնը, չբաւարարուիր միայն ունկնդրելով ուրիշին արտասանած խօսքերը, այլ քաղել անոնց ընդմէջէն անոնց փորձառութիններու մասին չհաղորդուած խօսքերը, անոնց յոյսերն ու դժուարութիւնները, եւ ինչ որ անոնց սրտին թանկագին կը թուի''։ Սոյն կարեկցութեան հոգին պէտք է պտուղը ըլլայ մեր հոգեկան հայեացքին եւ անձնական փորձառութեան, որոնք մեզ կ՝ուղղեն տեսնելու ուիշները որպէս մեր եղբայրները եւ մեր քոյրերը։
Ուրիշներու բացուելու մեր այս հոգիով, Ասիական ցամաքամասի երկիրները որոնց հետ Սուրբ Աթոռը տակաւին դիւանագիտական կապեր չունի, պիտի չյապաղին բոլորին բարիքին ի սապս երկխօսութիւն մը սկսելու։
Խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց եպիսկոպոսներուն իրենց եղբայրական եւ սիրալիր ընդունելութեան ու ապա Աստուածամօր հովանիին յանձնեց անոնց տեղական եկեղեցիները։







All the contents on this site are copyrighted ©.