2014-08-17 09:43:31

Հայէմիի դղեակը


Կիրակի, 17 օգոստոսի, յետմիջօրէին ժամը 4.30-ին (Հռոմի ժամով 9.30-ին) , Ֆրանչիսկոս Պապը, նախագահեց Ասիայի երիտասարդութեան հաւաքի 6 օրուայ եզրափակիչ արարողութիւնը, Հայէմիի դղեակին պարիսպներէն ներս, մատուցանելով հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը, մասնակցութեամբ Ասիայի զանազան վայրերէն ժամանած հազարաւոր երիտասարդներուն։

Հայէմիի դղեակը կը գտնուի Հարաւային Քորէայի Սէօսան կոչուող քաղաղքին մէջ։
Ան կառուցուած է` 1417 թուին, Տաէժօնկի եւ Սէժոնթկի թագաւորութեան շրջանին՝
պաշպանելու համար քաղաքը Ճաբոնցիներու յարձակումներէն։
200 տարի շարունակ դղեակը եղած է ռազմավարական կեդրոն մը։ 20-րդ դարուն, Ճաբոնի տիրապետութեան շրջանին, դղեակը դադրեցաւ ռազմավարական կեդրոնատեղի ըլլալէ եւ հոն հիմնուեցան կառավարական գրասենեակներ ինչպէս նաեւ դպրոցներ։

1963-ին, Հարաւային Քորէայի պատմութեան մէջ, դղեակը նկատուեցաւ որպէս երկրին ամենէն կարեւոր պատմական վայրը եւ դղեակի պարիսպներէն ներս գտնուող կառավարական կառոյցները վերանորոգումի ենթարկուեցան։

Դժբախտաբար` Հայէմիի դղեակը պատմութեան մէջ հանդիսացաւ նաեւ այն վայրը ուր հազարաւոր Քորէացի քրիստոնեաներ հալածանքի ենթարկուեցան եւ ջարդուեցան։

1790-էն 1880 երկարող տարիներուն, երեք հազար քրիստոնեաներ ձեռբակալուած եւ դղեակին մէջ գտնուող բանտետուն մէջ բանտարկուած են։ Հոս, կարեւոր է նշել, թէ դղեակի տարածքին վրայ կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր ծառ մը, որուն ճիւղերուն վրայ անցեալին՝ քրիստոնեաներու մարմինները ողջ ողջ կը կախէին։

Տարիներ ետք, Հայէմիի դղեակին մէջ, Սուրբ Պետրոսի յաջորդը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը, Հարաւային Քորէա կատարած հովուական այցելութեան չորրոդ օրը, Ասիայի չորս ծագերէն ժամանած հազարաւոր երիտասարդներուն հետ հանդիպեցաւ` անոնց հետ միասին վկայելու քրիստոնէական հաւատքը՝ ըննդէմ հոն, անցեալին գործուող, անմեղ քրիստոնեաներու ջարդերուն, Քորէացի զինուորներու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.