2014-08-16 10:32:44

Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութեան հանգրուանները Քորէայի նահատակներու հետքին վրայ` երրորդ օր


Շաբաթ, 16 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապի, Քորէա Ճամբորդութեան երրորդ օրն է։
Ան ինքնաթիռով մեկնեցաւ ''Kkottongne'' ուր այցելեց ''Սիրոյ Տուն’' անուան բարեսիրական կեդրոնը որ 1976-ին հիմնուած է Հայր Oh Woong Jinի կողմէ։ Ան, մինչ կը շրջէր վերոյիշեալ քաղաքի թաղամասերուն մէջ, ականատես եղած է աղքատ մարդու մը որ կերակուր կը բաշխէր ուրիշ 18 աղքատ եւ անկար մարդոց։Այս դէպքէն ներշնչուելով Հայր Oh Woong Jin կը հիմնէ ''Սիրոյ Տուն’' բաեսիրական կեդրոնը որ կը դառնայ Քորէայի ամենամէծ խնամատեղին, ուր կը հիւրասիրուին եւ կը խնամուին բազմաթիւ աղքատներ, անկարներ, տնազուրկ անձեր։ Կեդրոնը կը վայելէ Քորէայի Եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը։
Սոյն կեդրոնի գործունէութենէն ներշնչուեցլով Ասիական եւ այլ զանազան եկիրներու մէջ եւս հիմնուած են նման բարեսիրական կեդրոններ, որոնցմէ նշենք` Պանկլատէշ, Փիլիպպեան կղզեախումբը, Քանատա եւ Միացեալ Նահանագները։

Kkottongne քաղաքին մէջ կը գտնենք նաեւ ՝՝Յոյսի Տուն ՝՝անուան կառոյցը, ուր բացառապէս կ՝ընդունուին փողոցներու մէջ լքուած անկար մարդիկ։

Ըստ Քորէայի առողջապահութեան նախարարութեան, 2012 թուի տուեալներու համաձայն, երկրին մէջ կան շուրջ 2.500.000 անկար մարդիկ , որոնցէ 42.000-ը մանուկներ են։

Kkottongne քաղաքին մէջ չպակսիր նաեւ յատուկ կառոյց մը ի սպաս մանուկներուն,
որ կը կոչուի ՝՝Հրեշտակաց Տուն՝՝։ Սոյն տան մէջ կը խնամուին լքուած մանուկները ինչպէս նաեւ ''աղջիկ մայրեր''։







All the contents on this site are copyrighted ©.