2014-08-15 11:30:26

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճաշը Քորէացի երիտասարդներուն հետ։


Ուրբաթ,15 օգոստոսին, Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, յաւելեալ տեղեկութիւններ տալով Ֆրանչիսկոս Պապի երիտասարդներուն հետ ճաշի մասին ըսաւ` ''Ֆրանչիսկոս Պապի կէսօրուայ ճաշը երիտասարդներուն հետ տեւեց մէկ ժամ։ Ճաշին մասնակցեցան 18 երիտասարդներ, որոնք ժամանած են Ասիայի զանազան վայրերէն։ Անոնց հետ մասնակցեցաւ նաեւ Տայժոնի եպիսկոպոս` Գերապայծառ Կազզարօ եւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ՝ ֆրանչիսկոս Պապին ընկերացող թարգմանիչը։ Կէսօրուայ ճաշը շատ գեղեցիկ եւ սիրալիր մթնոլոտի մէջ տեղի ունեցաւ։
Ճաշին ընթացքին, երիտասարները Ֆրանչիկսոս Պապին փոխանցեցին տեղկութիւններ իրենց տեղական եկեղեցիներուն մասին եւ զինք հրաւիրեցին այցելել իրենց քաղաքները։
Հանդիպումի աւարտին, երիտասարդները հնչեցուցին Ասիայի Երիտասարդաց հաւաքի նուիրուած յատուկ քայլերգը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.