2014-08-15 08:50:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզը Տայժոնի մարզադաշտին մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տայժոնի մէջ մատուցած սուբ պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ակնարկելով Տիրամօր վերափոխման տօնին մասին ըսաւ

՝՝Բոլորս կանչուած ենք լիուլի մասնակցելու Տիրոջ յաղթանակին՝ մեղքին եւ Մահուան ընդդէմ''։ հուսկ անդրադարցաւ Քորէացի ժողովուրդին Տիրամօր հանդէպ ունեցած մեծ ջերմերանդութեան ըսելով ''Այսօր բոլորս կ՛ապաինինք Տրիամօր հովանաւորութեան ներքեւ եւ կը խնդրենք Անորմէ, որ օգնէ մեզի ըլլալու համար հաւատարիմ ազատութեան պարգեւին զոր ստացանք մկրտութեան օրը, որպէսզի ուղղէ մեր ջանքերը փոխելու համար աշխարհը եւ զայն դարձնելու Աստուծոյ ծրագիրին համաձայն, որպսէզի Քորէայի ընկերային զանազան մարզերու մէջ, քրիստոնեաները կարենան ըլլալ ոյժը հոգեւոր վերանորոգումին, որպէսզի անոնք կարենան պայքարիլ ընդդէմ նիւթապաշտութեան հրապոյրին որ կը խեղթէ իսկական հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները, որպէսզի կարենան պայքարիլ ընդդէմ անսանձ մրցակցութեան որմէ կը յառաջանայ անձնասիրութիւն եւ պատերազմներ,
որպէսզի կարենան հեռացնել տնտեսական անմարդկային օրինակները, որոնք կը ստեղծեն աղքատութեան նոր ձեւեր եւ մէկդի կը դնեն աշխատաւորները,
ինչպէս նաեւ կը ստեղծեն մահուան մշակոյթը որ կը նուաստացնէ Աստուծոյ պատկերը՝
Կեանքի Աստուածը, եւ կը բռնաբարէ իւրաքնաչիւր այր մարդու, կնոջ ինչպէս նաեւ մանուկներու արժանապատուութիւնը։
Ֆրանչիսկսոս Պապը ապա քարոզի աւարտին հրաւէր ուղղեց ''որպէս Քորէացի Կաթողիկէներ'', ''արժեւորելու ստացած ժառանգութիւնը ու զայն փոխանցելու ապագայ սերունդներուն''։''Այս մէկը, ձեզմէ իւրաքաչիւրէն կը պահանջէ վերանորոգուիլ եւ դարձի գալ Աստուծոյ խօսքին, ինչպէս նաեւ աւելի զօրեղ հոգածութիւն տանիլ աղքատներուն եւ տկարներուն հանդէպ որոնք ձեր մէջ կը գտնուին։


Սուրբ պատարագի աւարտին, ֆրանչիկսոս Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին Աստուածամօր` երկինքի թագուհիին յանձնեց
''մեր ցաւերն ու ուրախութինները ինչպէս նաեւ մեր յոսերը''։
Ան ապա ակնարկելով ապրիլի 2014-ին Քորէայի ծովուն մէջ պատահած նաւաբեկութեան զոհերուն ըսաւ ''Տիրամօր հովանաւորութեան յանձնենք անոնք որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին նաւու արկածին ընթացքին,ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որոնք կը տառապին անոր հետեւանքներէն''։ Խնդենք նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիմաէն, որպսէզի Ան իր ողորմելի հայեացքը սեւեռէ բոլոր անոնց վրայ որոնք մեր մէջ կը գտնուին եւ կը տառապին, մասնաւորապէս հիւանդներուն եւ աղքատներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.