2014-08-15 08:00:24

Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութեան հանգրուանները Քորէայի նահատակներու հետքին վրայ` երկրորդ օր։


Ուրբաթ,15 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապի, Քորէա Ճամբորդութեան երկրորդ օրն է. Ան Ինքնաթիռով կը մեկնի Տայժոն քաղաք, որ կը գտնուի Սէուլ մայրաքաղաքէն 150 քմ հեռաւորութեան վրայ։
Տայժոն քաղաղքը , Քորէայի հինգ մեծագոյն քաղաքներէն մին է, իր մէկ ու կէս միլիոն բնակչութեամբ։ Հոն կը գտնենք Ֆութպոլի հսկայական մարզադաշտը, ուր 2002 թուին, տեղի ունեցան Ֆութպոլի աշխարհի ախոյանութեան խաղերը։
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Սոլմօյէ անուան սրբավայրը, ուր հանդիպում կ՝ունենայ Ասիայի երիտասարադաց 6-րդ հաւաքի երիտասարդներուն հետ։
Սոլմօյի Սրբավայրը եղած է ծննդավայրը շրջանի առաջին քահանայ` Հայր Անտրիու Քիմ Դիժոն-ի՝ որ քահանայ ձեռնադրուեցաւ իր նահատակութենէն անմիջապէս առաջ։
Վերոյիշեալ սրբավայրը, ուխտագնացութեան մեծ վայր մըն է, ուր հաւատացեալ ժողովուրդը յարգանք եւ տուրք կը մատուցանեն Քորէացի բազմաթիւ նահատակներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.