2014-08-15 08:35:06

Ֆրանչիսկոս Պապը Քորէայի մէջ երկրորդ օր։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հարաւային Քորէայի հովուական այցելութեան 15 օգոստոսի օրակարգը սկիզբ առաւ տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 8,45-ին (Հռոմի ժամով 01,45-ին)։
Սրբազան Հայրը ինքնաթիռով Սէուլէն ` Տայժոն փոխադրուեցաւ, ուր ժամը 10,30-ին (Հռոմի ժամով 03,30-ին) Տայէժոնի ''World Cup Stadium'' մարզադաշտին մէջ, Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին առթիւ, մատոյց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին նոյն վայրէն արտասանեց նաեւ Մարեմեան Աղօթքը։
Պատարագին ներկայ էին նաեւ անեցալ ապրիլ 16-ին տեղի ունեցած նաւաբեկութեան զոհերու ընտանեկան պարագաները։ Յայտնենք որ նաւաբեկութեան պատճառաւ իրենց կեանքը կորսնցուցին 293 անձ, որոնց մեծամասնութիւնը դպրոցական աշակերտներ էին մինչ այլ 10 հոգիներու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ։
Վերոյիշեալ Սրբազան Արարողութեան աւարտին, կէսօրին` Նորին Սրբութիւնը սիրոյ ճաշը բաժնեկցեցաւ 18 երիտասարդներուն հետ ու ապա յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին (Հռոմի ժամով 9,30), Սոլմոէի սրբավայրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Ասիայի երիտասարդներուն հետ։ Հանդիպում մը որ Նորին Սրբութեան առաքելական ճամբորդութեան կեդրոնական հանդիպումներէն մին հանդիսացաւ։
Հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով կը վերադառնայ Սէուլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.