2014-08-15 08:16:52

Հարաւային Քորէան թիւերով։


13 - 18 օգոստոս 2014, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական այցելութեամբ մեկնցաւ Հարաւային Քորէա ուր պիտի գլխաւորէ Ասիական ցամաքամասի երիտասարդութեան 6-րդ օրը, եւ 124 Քորէացի նահատակներ Երանելիներու շարքին պիտի դասէ ու ապա խաղաղութեան եւ հաշտութեան համար պատարագը պիտի գլխաւորէ։
Ասիայի մէջ քրիստոնէութիւնը աշխուժացած է ԺԶ եւ ԺԷ դարերուն, Մաթթէօ Ռիչչի եւ Ֆրանչէսքօ Սավերիոյ Յիսուսեան միսիոնարներու առաքելական քարոզութեան շնորհիւ։
Քրիստոնէութիւնը ցամաքամասին մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմէ ի բացառեալ Փիլիպեան կղզեխումբէն եւ փոքրիկ Թիմոր Էսթէն։ Ասոր համար քրիստոնէութիւնը նկատուած է տակաւին որպէս ''օտար կրօն''։
Քորէական թերակղզին բաժնուած է երկու մասի Հարաւային, որ Ամերիկեան հսկողութեան տակ եղած է եւ Հիւսիսային որ Սովէտական Միութեան ժամանակ ունեցած է անոր պաշտպանութիւնը։
Երկու Քորէաներու բաժանումը տեղի ունեցաւ երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին ու մինչեւ օրս կը գոյատեւէ, թէեւ երկու ժողովուրդները ունին միեւնոյն լեզուն ու միեւնոյն մշակոյթը։
Հարաւային Քորէա քրիստոնէութեան մուտքը տեղի ունեցած է ԺԸ դարուն, աշխարհականներու քարոզութեան շնորհիւ ։ Երբ 1794-ին Չինացի առաջին քահանան կը հասնի Քորէա, հոն կը գտնէ 4 հազար մկրտեալներ, թէեւ հոն չկար ոչ եկեղեցի եւ ոչ ալ կղեր։
Հարաւային Քորէան ունի 99.268 քմ քառակուսի տարածք եւ հիսուն միլիոնէ աւելի բնակչութիւն, որուն 5 միլիոն 393 հազարը` 10,7 տոկոսը, կաթողիկէ են։
Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 16 Եկեղեցական գաւար, 1673 ժողովրդապետութիւն, 843 հովուական կեդրոններ ուր կը գործեն 35 եպիսկոպոս, 4261 քահանայ, 10 մնայուն սարկաւագ, 516 կրօնաւոր եղբայրներ, 9016 կրօնաւորուհիներ, 56 աշխարհական նուիրեալներ, 123 աշխահական միսիոնարներ եւ 14.195 կրօնուսոյցներ, բացի 395 փոքր նորընծայ եւ 1498 աւագ նորընծաներէն։
Կաթողիկէ եկեղեցին կը կառավարէ 294 դպրոցական հաստատութիւններ եւ 34 բարձրագոյն վարժարան եւ համալսարաններ որոնք յաճախուած 189 հազար աշակերտներէ։
Եկեղեցին ունի նաեւ 1175 ընկերային եւ բարեգործական հաստատութիւններու կեդրոններ որոնց շարքին` հիւանդանոցներ եւ դարմանատուներ, ծերանոցներ, որաբնոնցներ, ընտանիքի եւ կեանքի պաշտպանութեան յատկացուած կեդրոններ եւ այլ կազմաւորումի, բարեսիրական ու կրթական հաստատութիւններ։







All the contents on this site are copyrighted ©.