2014-08-15 08:20:14

Եգիպտոսի աւագ կրօնապետը կը դատապարտէ Իրաքի մահմետական Պետութիւնը:


Շաուքի Ալլամ` Եգիպտոսի աւագ կրօնապետը, 12 Օգոստոս 2014-ին, դատապարտեց Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ նորաստեղծ մահմետական Պետութիւնը, որակելով զայն որպէս ապականած կազմակերպութիւն մը որ միմիայն չարիք կը հասցնէ իսլամութեան։ Այդ ծայրայեղ ու արիւնարբու խումբը վտանգի մէջ կը դնէ մահմետականներն ու իսլամութիւնը, աղաւաղելով անոր դիմագիծը, արիւն թափելով ու տարածելով ապականութիւն, ըսած է Եգիպտոսի մեծ Մուֆդին հանդիպում ունենալով Լիբանանի երբեմնի վարչապետ ֆուատ Սինիորային հետ։
Մեծ Մուֆդին ամբաստանած է ահաբեկչական սիւննիդ կազմակերպութիւնը որպէս պղծողը իսլամ սկզբունքներուն։ Յայտնենք որ այս յայտարարութիւնը կու գայ որպէս պատասխան Վատիկանի միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի հրապարակած մէկ հաղորդագիրին խնդրելով իսլամ կրօնի պատասխանատուներէն դատապարտել Իսլամ Պետութեան տմարդի ու անողորմ արարքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.