2014-08-14 08:05:22

Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութեան հանգրուանները Քորէայի նահատակներու հետքին վրայ` առաջին օր։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 13-էն 18 օգոսոտոս, Քորէա կատարելիք հովուական այցելութեան ընթացքին, պիտի այցելէ թերակղզիին հինգ գլխաւոր քաղաքներ՝
հետեւելով երկրին քրիստոնեայ նահատակներու հետքերուն, որոնց երանացման արարողութիւնը պիտի նախագահէ Քորէա կեցութեան ընթացքին, շաբաթ 16 օգոստոսին։

Հինգշաբթի,14 օգոստոստին, Ֆրանչիսկոս Պապը կը հասնի Սէուլ, իր նստավայրը հաստատելով Սէուլի Առաքելական նուիրակի պալատին մէջ, բոլոր կեցութեան ընթացքին։

Սրբազան Քահանայապետի Քորէայի Առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ ''Blue House - Կապոյտ Տուն'' կոչուող երկրի նախագահական պալատը, որ 1945 թուականին հանրապետութեան հիմնադրութեան օրէն, եղած է նախագահին նստավայրը։
Կապոյտ Տունը կառուցուած է ՝՝Ժոզէօն՝՝ տոհմի թագաւորութեան (1392-1897) պատկանող տարածքին վրայ ։
Յայտնենք որ 1968-ին, պալատը թիրախ դարձած է հիւսիսային Քորէայի ռմբակոծումներուն հարաւային Քորէայի նախագահը սպաննելու դիտումով։







All the contents on this site are copyrighted ©.