2014-08-14 07:58:47

Ֆրանչիկոս Պապի հեռագիրները դէպի Քորէա թռիչքի ընթացքին


Սրբազան Հօր օդանաւը տասը երկիրներու վրայէն անցաւ։

Չորեքշաբթի,13 օգոստոսին յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնեցաւ Քորէա.
թռիչքի ժամանակ, առ ի սովորութեան, հեռագիր յղեց թռիչքի ընթացքին սաւառնած այն բոլոր երկիներու նախագահներուն՝ Իտալիա, Խրուաթիա, Սլովէնիա, Աւստրիա, Սլովաքիա, Լեհաստան, Պիելոռուսիա, Ռուսիա, Մոնկոլիա եւ Չինաստան.

Իրաքանչիւր երկիրներու նախագահներու յղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը,
անոնց եւ իրենց ժողովուրդին յայտնեց բարի մաղթանքներ ի մասնաւորի հոգեկան անդորրութիւն, եւ Աստուածային օրհնութիւնները։
Յայտնենք, թէ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլաով՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդը
Կ՝անցի Չինաստանի տարածքին վրայէն ։







All the contents on this site are copyrighted ©.