2014-08-14 11:44:43

Քորէայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հետ հանդիպում։


Հինգշաբթի, 14 օգոստոսի յետմիջօրէին, Սէուլի ժամով 17,30-ին (Իտալիոյ ժամով 10,30-ին), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քորէայի Եպիսկոպսաց Համահաւաք դասի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցաւ Քորէայի եպիսկոպոսներուն հետ։
Յայտնենք որ Քորէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կազմուած է 35 եպիսկոպոսներէ որոնց շարքին` Կարտինալ Անտրիու Եէոմ`Սէուլի Արքեպիսկոպոսը որ միեւնոյն ատեն Հիւսիսային Քորէայի Փիոնկեանկի թեմի առաքելական մատակարարն է եւ Կարտինալ Նիքոլաս Չէոնկը` Սէուլի երբեմնի արքեպիսկոպոսը։

Քորէայի Եպիսկոպսաց Համահաւաք դասի կեդրոնատեղին ժամանելուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը դիմաւորեցին երկու վերոյիշեալ կարտինալները եւ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Փիդէր Քանկ Ու -իըլ, որոնք միասնաբար Նորին Սրբութիւնը առաջնորդեցին կեդրոնատեղիի մատուր, ուր բարի գալուստի խօսք արտասանեց Եպիսկոպսաց Համահաւաք դասի նախագահը, որմէ ետք խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ Եպիսկոպոսին պարտականութիւնն է պահպանել Տիրոջ հօտը ու այս առընչութեամբ շեշտը դրաւ երկու երեւոյթներու վրայ ''յիշողութեան պահապաններ'' եւ ''յոյսի պահապաններ''։

Ըլլալ յիշողութեան պահապաններ կը նշանակէ գիտակից ըլլալ թէ ժառանգորդներ էք մարտիրոսներու` Քրիստոսի մէջ արի հաւատքի վկայութեան։ Յիշողութեան պահապաններ ըլլալ կը նշանակէ քաղել հոգեկան կենսամիջոցներ, հեռատեսութեամբ եւ վճռակամութեամբ դիմագրաւելու յոյսերը, խոստումները եւ ապագայի մարտահրաւէրները։ Քորէական եկեղեցւոյ կեանքն ու առաքելութիւնը չի չափուիր անոր արտաքինով, այլ անոնք պէտք են դատումի երնթարկուին` Աւետարանական յստակ լոյսին տակ։ Յիշողութեան պահապաններ ըլլալ կը նշանակէ գիտակից ըլլալ թէ զարգացումը կու գայ Աստուծմէ։ Մեր նահատակներու եւ անցեալի քրիստոնեաներու սերունդին յիշողութիւնը ըլլալու է իրատես։ Դիտել անցեալը առանց մտիկ ընելու Աստուծոյ ապախարութեան կոչին, մեզ չ՛օգներ շարունակելու մեր ուղեւորութիւնը, ընդհակառակը մեր հոգեւոր յառաջընթացը կը կասեցնէ։

Դուք կանչուած էք ըլլալու նաեւ յոյսի պահապանները. Աւետարանին շնորհած յոյսը` Յիսուս Քրիստոսի մէջ Աստուծոյ ողորմութեան եւ շնորհքի յոյսը, որ նահատակները ներշնչեց։ Այս յոյսն է որ մենք կանչուած ենք աւետելու աշխարհին, որ հակառակ նիւթական բարգաւաճումին, աւելի մեծ եւ աւելի իսկական ու լիութիւն պարգեւող բանի կը ձգտի։ Այս մէկը կարելի է` միշտ վառ պահելով սրբութեան բոցը, եղբայրական սէրը եւ եկեղեցւոյ հաղորդութեան միսիոնարական նուիրումը։ Ասոր համար ձեզմէ կը խնդրեմ որ մօտիկ ըլլաք ձեր քահանաներուն, զանոնք քաջալերելով առօրեայ իրենց գործին մէջ, ու անոնց սրբութեան փնտռտուքին եւ փրկարար Աւետարանի քարոզութեան մէջ։

Եթէ մենք ընդունինք միսիոնար եկեղեցի ըլլալու մարտահրաւէրը, միշտ դէպի դուրս, դէպի աշխարհ ու յատկապէս դէպի ժամանակակից ընկերութեան արուարձաններ ընթացող եկեղեցի մը, կարիքը ունինք զարգացնելու ''հոգեւոր ճաշակ'' մը, որ մեզ կարող դարձնէ ընդունելու եւ մենք զմեզ ճանչնալու Քրիստոսի Մարմնին ամէն մէկ անդամին մէջ։ Ասոր համար ձեզմէ կը խնդրեմ որ յատուկէն հոգ տանիք երիտասարդներուն, թիկունք կանգնելով անոնց յատկացուած կառոյցներուն, համալսարան, դպրոց, կեդրոնատեղի ուր երիտասարդներուն մտքերն ու սրտերը կը կազմաւորուին Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ սիրոյն, բարիին, ճշմարիտին եւ գեղեցիկին եւ ուր անոնք կը դառնան բարի քրիստոնեաներ եւ ազնիւ քաղաքացիներ։
Յոյսի պահապաններ ըլլալ կը նշանակէ հոգ տանիլ նաեւ աղքատներուն ու մանաւանդ գաղթականներուն ու անոնց որ ընկերութենէն մեկուսացած կ՛ապրին, եւ այս մէկը պէտք է արտայայտուի ոչ միայն բարեսիրական օգնութիւններով, այլ նաեւ ընկերային, դաստիարակչական եւ աշխատանքային զարգացումի ուղիով։ Աղքատներուն հանդէպ զօրակցութիւնը նկատուելու է քրիստոնէական կեանքի հիմնական մէկ տարրը։
Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս քահանայապետը յորդորեց եպիսկոպոսները ապրիլ Աւետարանի ուսուցումի եւ ոչ թէ աշխարհիկ ձգտումներու համաձայն եւ իրենց կենցաղով օրինակ դառնալու բոլորին։
''Սիրելի եղբայր եպիսկոպոսներ, յիշողութիւնն ու յոյսը մեզ կը ներշնչեն եւ կ՛առաջնորդեն դէպի ապագայ։ Ձեզ բոլորդ կը յիշեմ աղօթքներուս մէջ ու ձեզ կը խրախուսեմ միշտ վստահիլ Աստուծոյ շնորհքին` Տէրը միշտ հաւատարիմ է ու Ան ձեզ պիտի հաստատէ ու պիտի պաշտպանէ չարէն''։ Ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ներկաները յանձնեց Աստուածամօր եւ Քորէացի մարտիրոսներու բարեխօսութեան ու բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւը։
Յայտնենք թէ վերոյիշեալ հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը մէկիկ մէկիկ ողջունեց ներկայ եպիսկոպոսները ու ապա Եպիսկոպսաց Համահաւաք դասի կեդրոնատեղիի ելքին, ողջունեց այնտեղ աշխատող 80 պաշտօնեաները ու անոնց ընտանեկան պարագաները։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ուղղուեցաւ առաքելական նուիրակութիւն ուր գիշերեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.