2014-08-13 09:43:58

Կարտինալ Ֆիլոնին Յորդանանի ճամբով մեկնեցաւ Իրաք։


Երեքշաբթի, 12 օգոստոսին, Ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, Յորդանանի ճամբով` մեկնեցաւ Իրաք որպէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ Իրաքի ժողովուրդին տանելու Քահանայապետին մօտիկութեան զգացումները ինչպէս նաեւ նիւթական ու հոգեկան օժանդակութիւնները։
Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ ուրբաթ 8 օգոստոսին, Իրաքի եւ Յորդանանի երբեմնի առաքելական նուիրակը, Կարտինալ Ֆիլոնին նշանակած էր յատուկ պատուիրակ Իրաքի տագնապին համար եւ թէ Կիրակի` 10 օգոստոսի երկոյեան, Նորին Սրբութիւնը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունած էր Կարտինալը ու անոր հետ քննարկած սոյն առաքելութեան նախապատրաստական կարգադրութիւնները ու միեւնոյն ժամանակ վերահաստատած էր իր զօրակցութիւնը հանդէպ Իրաքի տառապեալ ժողովուրդին եւ մօտիկութիւնը` կառավարական իշխանութիւններուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց, շտապ լուծում մը գտնելու ողբերգական այս իրավիճակին։
Նշենք նաեւ թէ անցեալ շաբաթավերջին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իրարայաջորդ թուիթներ հրատարակեց հայցելով Իրաքի խաղաղութիւն ու կոչ ընելով վերջ տալու իրաքցի ժողովուրդին չարչարանքին եւ օժանդակութիւն հայթայթելու բռնի տեղահանուած փոքրամասնութիւններուն։ Ան ապա կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին նորոգեց խաղաղութեան կոչը դատապարտելով Աստուծոյ անունով գործուած արարքները։
Չորեքշաբթի 13 օգոստոսին հրատարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, յայտնեց թէ Կարտինալ Ֆիլոնին ժամանած է Յորդանան եւ այսօր (13/8) պիտի ջանայ ուղղուիլ Էրպիլ, Իրաքեան Քիւրտիստանի շրջանը, ուր զինք կը սպասէ Քաղտէացիներու Պատրիարքը Լուիս Ռաֆայել Սաքօն։







All the contents on this site are copyrighted ©.