2014-08-13 11:52:00

Իրաքեան տագնապի վերաբերող Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Պան Քի Մունին ուղղած նամակը։


Չորեքշաբթի, 13 օգոստոս 2014-ին, նախ քան հարաւային Քորէա մեկնիլը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նամակ մը յղած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնած է իր կսկիծն ու մտահոգութիւնը իրաքի ողբերգական իրավիճակին ի տես։ Նամակին մէջ Քահանայապետը գրած է. ''քրիստոնեաները եւ միւս կրօնական փոքրամասնութիւնները բռնի տեղահանուեցան իրենց տուներէն եւ ականատես են իրենց աղօթատեղիներու եւ կրօնական ժառանգութեան կործանումին։
Այս իրավիճակին ի տես, կը կարդանք նամակին մէջ, Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիէն` Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը, որ իմ նախորդներուս շրջանին ծառայած է Իրաքի ժողովուրդին, խնդրեցի որ մեկնի Իրաք ու բնակչութեան տանի իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս անոնց յայտնելով Իմ ու համայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ մտահոգութիւնը, տաժանելի չարչարանքին ի տես որոնց երնթարկուած են անոնք, մինչ իրենց միակ բաղձանքն է ապրիլ խաղաղութեամբ, ներդաշնակութեամբ եւ ազատութեամբ իրենց պապենական հողին վրայ։
Այս նոյն հոգիով է որ ձեզի կը գրեմ, Տիար ընդհանուր Քարտուղար, ու ձեր առջեւ կը դնեմ սիրեցեալ Իրաքի Քրիստոնեաներու եւ միւս փոքրամասնութիւններու արցունքները, չարաչարանքներն ու յուսահատութեան սրտաճմլիկ աղաղակները։
Նորոգելով միջազգային հասարակութեան իմ անյապաղ կոչը միջամտելու` վերջ դնելու համար գործադրուած մարդկայնական աղէտին, կը քաջալերեմ ՄԱԿ-ի բոլոր այս հարցով իրաւասու մարմինները ու յատկապէս ապահովութեան, խաղաղութեան, մարդկային իրաւունքի եւ գաղթականներու օժանդակութեամբ զբաղող պատկան իշխանութիւնները, որպէսզի շարունակեն Միացեալ Ազգերու դաշնագիրի գործադրումի հիման վրայ հիմնուած իրենց ճիգերը։

Բռնարար յարձակումները որոնք հետզհետէ կը տարածուին Հիւսիսային Իրաքի մէջ, չեն կրնար բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներու խիղճերը չ՛արթնցնել ու զանոնք մղել զօրակցութեան որոշակի գործունէութեան, պաշտպանելու համար անոնք որ հարստահարուած են եւ բռնութեան սպառնալիքի տակ կ՛ապրին, տրամադրելով անհրաժեշտ աջակցութիւնը բոլոր անոնց որ տեղահանուած են, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու անոնց ապահով վերադարձը դէպի իրենց քաղաքն ու իրենց տուները։
20-րդ դարու աղէտալի փորձառութիւնը, եւ մարդկային արժանաւորութեան ամենատարրական պատկերացումը, կը ստիպէ միջազգային հասարակութիւնը, մասնաւորաբար միջազգային իրաւունքի կանոններու եւ մեխանիզմներու միջոցաւ, ամէն ինչ ընել, որպէսզի դադրին եւ կանխարգիլուին յետագայ համակարգուած բռնութիւնները կրօնական եւ ցեղային փոքրամասնութիւններուն դէմ։

Վստահ ըլլալով որ իմ կոչս, զոր կը միացնեմ Արեւելքի Պատրիարքներու եւ այլ կրօնապետերու կոչին, դրական պատասխան կ՛ունենայ, առիթէն կ՛օգտնուիմ նորոգելու ձերդ հանդէպ ունեցած իմ ամենաբարձր գնահատանքս։

Տրուած Վատիկան 9 օգոստոս 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.