2014-08-12 09:13:16

Եւրոպական Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը ողջունած է Սոչիի հանդիպումը


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ ողջունած է Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու երկկողմ հանդիպումը:
Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին հրապարակած յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի. «Հետեւելով հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին միջադէպերուն, այս հանդիպումները դրական են երկխօսութեան վերսկսման առումով»:
Եակլանտ կոչ ուղղած է` ձեռնարկելու բոլոր կարելի ջանքերուն զոհերու պատճառ դարձած բռնութեան վերջ տալու համար եւ ցաւակցած է զոհերու հարազատներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.