2014-08-11 08:55:43

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց Իրաքի հարցին իր անձնական ներկայացուցիչ` Կարտինալ Ֆիլոնին։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ ուրբաթ 8 օգոստոսին, Իրաքի եւ Յորդանանի երբեմնի առաքելական նուիրակ` Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին նշանակեց իր յատուկ ներկայացուցիչը որպէսզի Իրաքի ժողովուրդին տանի Քահանայապետի մօտիկութեան զգացումները եւ նիւթական ու հոգեկան օժանդակութիւնները։

Կիրակի` 10 օգոստոսի երկոյեան, Նորին Սրբութիւնը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց Կարտինալ Ֆիլոնին` Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի նախագահը, ու անոր հետ քննարկեց առաքելութեան նախապատրաստական կարգադրութիւնները անոր փոխանցելով իր յանձնարարութիւնները եւ դրամական յատուկ գումար մը, որպէս օժանդակութիւն հարստահարուած անձերուն։ Նորին Սրբութիւնը դարձեալ յայտնեց իր զօրակցութիւնը տառապող ժողովուրդին եւ մօտիկութիւնը` կառավարական իշխանութիւններուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց շտապ լուծում մը գտնելու այս ողբերգական իրավիճակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.