Ի լուր Թեհրանի մէջ օդանաւային կոտորածային արկածին, որուն պատճառաւ 38 անձեր մահացան,
Վատիկանի Պետական քարտուղար` Փիէթրօ Փարոլինը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անունով ցաւակցական
հեռագիր մը ուղղած է Իսֆահանի Արքեպիսկոպոս եւ Իրանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ`
գերապայծառ Ինիացիօ Պետինիին, որուն մէջ յայտնած է Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցութիւնները
զոհերու պարագաներուն ինչպէս նաեւ Անոր աղօթքները զոհերու հոգւոյն հանգստեան համար։ Սրբազան
Հայրը ապա բոլոր անոնց որ կ՛ողբան զոհերու կորուստը հայցած է Աստուածային, ույժի սփոփանքի
եւ անդորրութեան օրհնութիւններ։