2014-08-11 10:54:03

Սաքօ Պտարիարքը կը քննադատէ ԱՄՆ-ի նախագահ Օպամայի որդեգրած դիրքը ու կոչ կ՛ուղղէ պաշտպանելու Իրաքի փոքրամասնութիւնները


''Նախագահ Օպամայի որոշումը զինուրական միջամտութեամբ պաշտպանելու միայն Էրպիլ քաղաքը տհաճ իրողութիւն մըն է'' գրած է Քաղտէացիներու Պատրարք` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ, '' Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն'' Քահանայապետական կազմակերպութեան ուղղած հրատապ կոչի մը մէջ, որուն միջոցաւ Ան խստիւ քննադատեց Ամերիկայի վարչական իշխանութեան այս ընտրանքը։
Պատրաիրքը քննադատած է նաեւ Պաղտատի իշխանութիւնները որ տակաւին չեն կարողացած կլոր սեղանի շուրջ նստիլ եւ հարցերը դիմագրաւել ըստ կացութեան պահանջին։
Իր կոչին մէջ Պատրիարք Սաքոն կը նշէ տեղահանեալներու ապրած անմարդկային իրավիճակը, մանուկներու եւ ծերերու մահը աքսորի ճամբու վրայ, կոչ կ՛ուղղէ օգնութեան հասնելու պանդուխտ եւ անյոյս բնակչութեան, դատապարտելով Իսլամ Խալիֆայութեան գործած արարքները` Աղօթատեղիներու քանդումը, ձեռագիրերու աւերում, անզօր եւ անմեղ ժողովուրդին դէմ բռնութիւն։
Պատրաիրքը միջազգային հասրակութենէն կը խնդրէ անմիջապէս միջամտել ու ազատագրել ժողովուրդ մը որ այդ հողերուն վրայ ապրած է իր պատմութեան սկզիբէն ի վեր։
Յայտնենք որ Տառապող Եկեղեցիի օգնութիւն կազմակերպութիւնը 100 հազար եւրոյի օգնութիւն յատկացուցած է Իրաքցի ապստանեալներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.