2014-08-11 15:21:09

ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտի գնահատումնով Իրաքի մէջ զինեալ միջամտութիւնը հարկաւոր է անմեղ քաղաքացիներու ի պաշտպանութիւն։


Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի` ՄՄԿի մօտ մնայուն դէտը, անցեալ օրերուն մամուլին հետ ունեցած ելոյթով մատնանշեց հարկաւորութիւնը զինեալ միջամտութեան, հիւիսային Իրաքի մէջ, ուր բիւրաւոր քրիստոնեաներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ հարստահարուած են ծայարայեղ մահմետականներու կողմէ։
Անոնք պարտաւորուեցան հեռանալ իրենց օճախներէն առանց կարողանալու իրենց հետ բան մը տանիլ։ Անոնք օգնութեան անմիջական կարիքը ունին։ Զինեալ միջամտութիւնը այս պարաքային հարկաւոր է։ Միաժամանակ ստիպողական է, մէկ կողմէն, մատնանշել այն պետութիւնները որոնք զէնք եւ դրամ կը հայթայթեն ծայրայեղ մահմետականներուն եւ միւս կողմէն մեղադրել Արեւմուտքի անտարբերութիւնը։
''Կ'ապրինք պահ մը ուր խիղճի ձայնը պէտք է լսելի դարձնել'' ըսաւ Վատիկանի դիւանագէտը։ Բարեբախտաբար միջազգային հասարակութիւնը սկսաւ արթննալ։ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը Իրաքի մէջ անցուդարձերը որակեց որպէս ''աններելի ոճիր մը մարդկութեան դէմ''։
Եւրոպայի եպիսկոպոսները իրենց կարգին կոչ ուղղած են միազգային հասարակութեան որպէսզի հակազդեն Իրաքի քրիստոնեաներու հալածանքին։ Եպիսկոպոսները միաժամանակ յայտնած են իրենց զօրակցութիւնը Իրաքի քրիստոնեաներուն։ ''Մեր աղօթքն է որ զէնքերը անմիջապէս դադրին եւ օրէնքը վերահաստատուի'' կը կարդանք Եւրոպայի եպիսկոպոսներու պատգամին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.