Պաղեստինեան խմբաւորումներն ու Իսրայէլ Կիրակի գիշեր Կազայի մէջ 72 ժամուան նոր զինադադարի
մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին: Բուռն բանակցութիւններէ ետք` կողմերը սպառնացին
հեռանալ բանակցութեան սեղանէն, սակայն աւելի ուշ անակնկալ կերպով համաձայնութիւն գոյացուցին: Ըստ
համաձայնութեան, զինադադարը ուժի մէջ պիտի մտնէր կիրակի 10 օգոստոսի գիշերուան ժամը 23:00¬ին:
Գոյացած համաձայնութիւնը այն առիթն ու յոյսը կը ստեղծէ, որ բանագնացները աւելի երկարատեւ
զինադադարի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն: