Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Սատի Կիւվեն երէկ գիշերուան ժամը
10:00-ին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ գործող վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընտրուած է Թուրքիոյ
նախագահ: Ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, Էրտողան ապահոված է քուէներուն 51,8 առ հարիւրը,
Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու միացեալ թեկնածու
Էքմալէտտին Իհսանօղլու` 38,5 առ հարիւրը, իսկ քիւրտ քաղաքագէտ Սելահէթթին Տեմիրթաշ` 9,7
առ հարիւրը: Իհսանօղլու իր պարտութիւնը ընդունեց: Մասնակցութեան համեմատութիւնը 74,4
առ հարիւր էր, ինչ որ փորձագէտներու նախատեսածէն ցած էր: Էրտողան յաղթանակի կարճ ճար
մը արտասանելով ըսաւ. «Պիտի շարունակենք մեր ազգին ծառայել աւելի լաւ ժողովրդավարութեան
մը հասնելու եւ (քրտական հարցի) լուծման հոլովոյթը իր աւարտին հասցնելու համար»: Ան
իր յաղթանակը ապահովելէ ետք նամազ կատարեց Էյուպ սուլթան մզկիթին մէջ, որուն գահ բարձրանալէ
ետք իրենց առաջին այցելութիւնը կու տային Օսմանեան կայսրութեան սուլթանները: Թուրքիոյ
մէջ շուրջ 53 միլիոն քուէարկողներ երէկ ուղղուեցան քուէատուփեր ընտրելու համար երկրին
նախագահը, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ընտրուի ժողովուրդին կողմէ: