2014-08-10 13:32:13

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 10 օգոստոսի թուիթերը՝ Իրաքի մէջ տեղահանուածներու ճակատագիրը մեզմէ կախեալ է։


Կիրակի, 10 օգոստոս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շարունակեց թուիթերներ հրատարակել` վասն Իրաքի բնակիչներուն, անդրադառնալով դարձեալ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող աղէտին։ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց աղօթել եւ օգնութեան հասնիլ բոլոր անոնց որ տեղահանուած են որովհետեւ, գրեց Քահանայապետը, անոնց ճակատագիրը մեզմէ կախում ունի։

Իր առաջին թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց.
“Իրաքի մէջ տուներէ զրկուած մարդոց ճակատագիրը մեզմէ կախում ունի։ Բոլորդ կը հրաւիրեմ աղօթելու, եւ անոնք որ կարողութիւնը ունին, պատշաճ օգնութիւն մատուցելու”։

Իսկ երկրորդ թուիթը եղաւ աղերս մը՝ “Իրաքէն հասած լուրերը մեզ կը տխրեցնեն։ Տէր մեզի սորվեցուր ապրիլ՝ մեր տառապող եղբայրներուն հետ զօրակցութեան մէջ”։

Երրորդ թուիթը եղաւ կոչ մը “բոլոր ընտանիքիներուն կոչ մը. Աղօթքի ժամանակ յիշեցէք անոնք որ Իրաքի մէջ ստիպուած են թողուլ իրենց տուները”։

Յայտնենք թէ Ուրբաթ, 8 օգոստոսէն ի վեր, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իրարայաջորդ թուիթներ հրատարակեց, հաւատացեալներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրելու Իրաքի վրայ ու Իրաքցի բնակիչներուն ապրած ողբերգական իրավիճակին վրայ։

Կիրակի օրուայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին եւս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց վերջ տալ բռնութիւններուն եւ օգնութեան հասնիլ տեղահանուած ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.