2014-08-10 11:46:46

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը թուիթերի միջոցաւ կը շարունակէ կոչ ուղղել Իրաքի խաղաղութեան համար։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Իրաքեան իրադարձութիւններուն եւ արտհան եղած քրիստոնեաներուն մասին տեղեկութիւններուն, որոնք օրէ օր աւելի ողբերգական կը դառնան։
Շաբաթ, 9 օգոստոսի առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը թուիթերեան իր կայքին վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը.
- Բոլոր ժողովրդապետութիւններէն եւ Կաթողիկէ հասարակութիւններէն կը խնդրեմ, որ այս շաբաթավերջին յատուկ աղօթք ապահովուեն Իրաքի քրիստոնեաներուն համար։

Ան ապա յետմիջօրէին կոչ ուղղեց.
- Բոլոր միջազգային հասարակութիւններէն կը խնդրեմ, որ պաշտպանեն Իրաքի բռնութիւններու զոհերը։

Մինչ երեկոյեան հրատարակած թուիթին մէջ Քահանայապետը յանձնարարեց թէ.
-Բռնութիւնը բռնութեամբ չի յաղաթարուիր ։ Տէր, խաղաղութիւն շնորհէ մեր այս օրէրուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.