2014-08-10 13:29:03

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը դարձեալ կոչ ուղղեց Իրաքի տառապեալ ու տեղահան եղած բնակչութեան օգնութեան հասնելու։


Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Կիրակի 10 օգոստոս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն եւ հեռատեսիլի ու այլ հաղորդակցութեան միջոցներով աղօթքին հետեւողներուն, ակնարկեց Իրագէն հասած աղէտալի լուրերուն, ուր հազարաւոր մարդիկ, որոնց շարքին են բազմաթիւ քրիստոնեաներ, չարաչար վտարուած են իրենց տուներէն ու ստիպուած են փախուստ տալ, ապրելով անմարդկային փորձառութիւն մը, որ բազմաթիւ մանուկներու մահը կը պատճառէ՝ ծարաւի եւ անօթութեան հետեւանքով, եւ ուր տեղի կ՛ունենան ամէն տեսակ բռնութիւններ, կրօնական, պատմական եւ մշակութային կառոյցներու քանդում, եւ կիներու արեւանգում։

“Այս ամէնը նախատինք է Աստուծոյ։ Աստուծոյ անունով ատելութիւն կարելի չէ։ Աստուծոյ անունով պատերազմ կարելի չէ”, բացագանչեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որ օգնութեան կը հասնին տեղահանուածներուն եւ յոյս յայտնեց որ այս ոճիրը կանգ առնէ եւ արդարութիւնը վերահաստատուի։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յայտարարեց Կարտինալ Ֆիլոնիի անուանումը, որպէս իր յատուկ եւ անձնական ներկայացուցիչ Իրաքի համար, եւ որպէս իր մօտիկութեան նշան Իրաքի տառապեալ ժողովուրդին։

Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ Կազզայի իրադարձութիւններուն, ուր բախումները, կարճ դադարէ ետք, դարձեալ սկսան, ու խնդրեց միասնաբար աղօթել խաղաղութեան Աստուածը, Տիրամօր բարեխօսութեամբ. “Տէր՝ խաղաղութիւն պարգեւէ մեր օրերուն, ու մեզ դարձուր խաղաղութեան եւ արդարութեան գործիչներ”։

Սրբազան Հայրը յատուկ աղօթք մը խնդրեց նաեւ Իպոլա ժահրի զոհերուն համար ու խօսքը աւարտեց յայտարարելով թէ յառաջիկայ չորեքշաբթի Քորէա պիտի մեկնի, ու հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթքով Իրեն ընկերանան, այս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.