2014-08-09 11:02:04

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 9 օգոստոսի թուիթը


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, իր թուիթերեան կայքով կը շարունակէ մեծ ուշադրութեամբ եւ մտահոգութեամբ հետեւիլ Իրաքէն հասած ողբերգական լուրերուն։
Շաբաթ, 9 օգոստոսին, Ֆրանիչիսկոս Քահանայապետը իր թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը.

Բոլոր ժողովրդապետութիւններէն եւ Կաթողիկէ հասարակութիւններէն կը խնդրեմ, որ այս շաբաթավերջին յատուկ աղօթք ապահովուեն Իրաքի քրիստոնեաներուն համար։

Մինչ՝ երէկ, ուրբաթ, 8 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապը մէկ օրուայ ընթացքին
հրատարակեց հետեւեալ երեք թուիթերը
Առաջին՝ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոցմէ կը խնդրեմ միանալ իմ աղօթքներուս, Իրաքի Քրիստոնեաներուն եւ բոլոր հալածուած հասարակութիւններուն համար։
Երկրորդ՝ ձեզմէ կը խնդրեմ պահ մը նուիրել աղօթքի բոլոր անոնց համար որոնք ստիպուած են իրենց տուներէն հեռանալ Իրաքի մէջ։
Երրորդ՝ Տէր, Քեզմէ կը խնդրենք, որ դիկունք կանգնիս անոնց որ Իրաքի մէջ ամէն բանէ զրկուած են։







All the contents on this site are copyrighted ©.