2014-08-09 12:08:03

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ''Բնիկ Ժողովուրդներու Միջազգային Օրուան'' առթիւ կը հանդիսանայ ջատագովը բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթներու պահպանումին։


Ինչպէս ամէն տարի, բնիկ ժողովուրդներու միջազգային օրը կը յիշատակուի 9 օգոստոսին։Այդ օրը որոշուած է ՄԱԿի ընդհանուր ժողովէն, 1994 թուականին։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շատ զգայուն է Լատին Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթներու պաշտպանութեան ու անոնց պահպանումին նկատմամբ։
ՄԱԿի ընդհանուր ժողովը միջազգային երկու տասնամեակներ յատկացուցած է բնիկ ժողովուրդներու պաշտպանութեան։ Առաջինը 1995ին, ունենալով որպէս բնաբան. ''տասնամեակ մը ի նպաստ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքին ու արժանաւորութեան'' իսկ երկրորդը 2004-ին` որուն բնաբանը եղած է` ''բնիկ ժողովուրդները եւ դաշինքներու ստորագրութիւն` համաձայնագրերու յարգանք''։ Նախաձեռնութեան կէտնպատակն է ճանչնալ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքը ու օժանդակել անոնց բարգաւաճումին։ Քաղաքացիներն ու ինքնավար բնիկները կարող են միասնաբար ապրիլ նոյն հողին վրայ, յարգելով` բարեկամութեան, համագործակցութեան ու խաղաղութեան սկզբունքները ։
Անցեալ 19 ապրիլին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Էքուատորի հանրապետութեան նախագահը, արծարծեց բնիկ ժողովուրդին իրաւունքներու ու անոնց մշակոյթներու հարցը խօսելով նոյնպէս բնապաշտպանութեան մասին։
Մայիս ամսուայ ընթացքին տեղի ունեցաւ Քոլոմպիացի առաջին սրբուհիին սրբադասումը` յանձինս Մայր Լաուրայի` կրօնաւորուհի, դաստիարակ ու փաստաբան բնիկ ժողովուրդներու եւ հիմնադրուհի միսիոնարական իգական միաբանութեան։Սրբուհիին վախճանած է 1949-ին։
Սրբազան Հայրը Վատիկանի մէջ ընդունելով խաղաղութեան նոպելեան մրցանակակիր Էսքիվելը, ընկերակցութեամբ ֆելիքս Տիազի` Պետը Քոմի Արժենթինայի բնիկ հասարակութեան, անգամ մը եւս ուզած է յայտնել իր շահագրգռութիւնը հանդէպ Լատին Ամերիկայի բնիկ` հնդիկ ժողովուրդներու մշակոյթին ու անոնց պաշտպանութեան։
Յայտնենք որ Յիսուսեան հայրերը կեդրոնական դեր մը ունեցած են Նոր Աշխարհի` ամերիկեան ցամաքամասի բնիկ ինտուերու աւետարանացումին գծով։ Ազգով Արժանթինցի ֆրանչիսկոս Հռոմի Պապը պատմութեան առաջին Լատին Ամերիկացի Քահանայապետն է, նոյնպէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուած առաջին Յիսուսեան միաբանը, որ մեծ դեր մը ունեցած է Նոր Աշխարհի հնդիկներու աւետարանացումին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.