2014-08-09 12:14:26

Փութին առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 9 Օգոստոսին առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանն ու Վլատիմիր Փութինը պիտի քննարկեն երկու երկիրներու քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական հետագայ համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցերը: Նախագահները յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնեն Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու հարցին:
Ատրպէյճանի նախագահին հետ կայանալիք առանձին հանդիպման ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն ռուս-ատրպէյճանական համագործակցութիւնը, պիտի համադրեն քանի մը նախաձեռնութիւններու միացեալ գործադրութեան ծրագիրը՝ ուժանիւթի, ներդրումային եւ միջտարածաշրջանային համագործակցութեան վերաբերող:
Յիշեցնենք, որ հայկական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանի Սոչի տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ կայացնելու եռակողմանի հանդիպում՝ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ, քննարկելու համար ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման խնդիրները, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած կացութեան սրման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած վիճակը։







All the contents on this site are copyrighted ©.