2014-08-09 13:08:57

Ռատիոյ վատիկանի հետ ունեցած Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի զրոյցը Կարտինալ Ֆիլոնիի Իրաքի կացութեան նուիրակի անուանումի նշանակումի մասին


Ի լուր Սրբազան Քահանայապետին Կարտինալ Ֆիլոնիի Իրաքի քրիստոնեաներուն ի նպաստ յատուկ նուիրակի անուանումի, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Կարտինալ Ֆիլոնի ամենայարմար աձնաւորութիւնն է այս պաշտօնին, որովհետեւ ան Սատտամ Հուսէյնի բռնատիրութեան ընթացքին 6 տարի պաշտօնավարած է որպէս Քահանայապետական Առաքելական նուիրակ՝ Իրաքի եւ Յորդանանի մէջ եւ եղած է միակ դիւանագէտը որ , Իրաքի պատերազմի շրջանին մնաց Պաղտատի մէջ, շարունակելով իր գործունէութիւնը քաջութեամբ եւ հաւատարմութեամբ՝ ռումբերու տակ, ցոյց տալով իր յատուկ սէրը Իրաքի ժողովուրդին հանդէպ։
Հայր Լոմպարտին յատնեց նաեւ ,թէ շրջանի բոլոր առաքելական նուիրակները հանդիպում պիտի ունենան Քահանայապետին հետ սեպտեմբեր ամսոյն ընթացքին եւ թէ անոնք հրաւիրուած են Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի 8 օգոստոսի կոչը արձագանգել պետական եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններուն մօտ։







All the contents on this site are copyrighted ©.