2014-08-09 09:03:55

Ամերիկեան օդուժը կը հարուածէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու դիրքերը


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ ինք ամերիկեան ուժերուն արտօնած է «ի պահանջեալ հարկին» օդային հարուածներ հասցնել իսլամական զինեալներուն, որոնք անդամ են ՏԱՀԵՇ-ի` արգելք հանդիսանալու համար, որ վերջիններս «ցեղասպանութիւն մը» գործեն:
«Ես հաստատած եմ Իսլամական պետութիւն շարժումի զինեալներուն դէմ օդային հարուածները` Իրաքի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու նպատակով, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ ամերիկացի աշխատողներուն պաշտպանութեան համար», ըսաւ Օպամա:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընդգծեց, որ «ամերիկեան ցամաքային ուժերը Իրաք պիտի չվերադառնան»` շեշտելով, որ իր երկրին ուժերը պիտի գործեն այդ երկրին մէջ ցեղասպանութիւնը արգիլելու համար եւ պիտի հարուածեն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, եթէ անոնք յառաջանան դէպի Իրաքի քրտական մարզի մայրաքաղաք Էրպիլ:
Բացի ատկէ, Օպամա յայտարարեց Իրաքի մէջ մարդասիրական առաքելութեան սկսելու մասին: Ամերիկեան զինուորական օդանաւերը արդէն սկսած են մարդասիրական օժանդակութիւն նետել հազարաւոր իրաքցիներուն, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներուն պատճառով տեղահանուած են։







All the contents on this site are copyrighted ©.