2014-08-09 12:40:16

« Թող ուրեմն մարդ չբաժնէ ինչ որ Աստուած միացուցած է»


Այսօրուայ Մատթէոսի աւետարանը կը համառօտէ ամուսնական խորհուրդի վարդապետութիւնը, շետշտելով անձնուիրումի, անկեղծ սիրոյ եւ յատկապէս հաւատարմութեան առաքինութեան` ամուսնական յարաբերութիւններուն մէջ:
Լսեցինք ինչպէս Փարիսեցիները հիմնուելով Մովսիսական օրէնքի վրայ` Յիսուսի հարցում մը կ՛ուղղեն` գիտնալու համար թէ արդեօք թոյլ տրուած է՞ր թէ ո՛չ որոշ պարագաներու մէջ սեպհական կինէն բաժնուիլը եւ ուրիշ մը առնելը:
Այս նոյն հարցումը այսօր բազմաթիւ քրիստոնեաներ ալ կ՛ուղղեն, բայց պատասխանը ուրիշ չի կրնար ըլլալ` եթէ ոչ այն ինչ որ Քրիստոս փարիսեցիներուն տուաւ, այսինքն` թէ Աստուած սկիզբէն ամուսնութիւնը անլուծանելի ըրաւ: Յիսուսի խօսքերը այս մասին բացայայտ են եւ որեւէ տարակոյս չեն վերցներ: Ան կ՛ըսէ. « Թող ուրեմն մարդ չբաժնէ ինչ որ Աստուած միացուցած է»:
Առաքեալները լսելով Աստուածային Վարդապետին այս խիստ պատասխանը` ամուսնութեան անլուծանելիութեան մասին, տեսնելով միանգամայն ընտանեկան կեանքի դժուարութիւնները կ՛ըսեն Քրիստոսի. « Այն ատեն լաւ է չ՛ամուսնանալ»:
Ինչու՞ այդքան կարեւոր է Քրիստոսի համար հաւատարմութիւնը ամուսնական յարաբերութիւններուն մէջ:
Հաւատարմութիւնը ամուսնական յարաբերութիւններուն մէջ էական է, որովհետեւ կարելի չէ պատկերացնել իսկական, մաքուր սէր` առանց անձնուիրումի եւ յատկապէս առանց անբիծ հաւատարմութեան:
Ինչ որ կը վերաբերի «Հաւատարմութիւն» եզրին, հայերէնով, եւ կարծեմ, ուրիշ շատ լեզուներով բառին արմատը նոյնն է` Հաւատք-Հաւատարմութիւն, «fedeltՈ» ուրեմն առանց վարանելու կրնանք ըսել, որ հաւատարմութիւնը հոգեւոր արժէք մըն է, որովհետեւ ուղղակիօրէն հաւատքէն կը բխի:
Այսօր, դժբախտաբար կնոջ եւ տղամարդու փոխադարձ հաւատարմութեան հանգամանքը` որպէս ընտանեկան խաղաղութեան ու երջանկութեան հիմնական երաշխիք բոլորովին փոխուած է: Ամուսնական հաւատարմութիւնը իրական վտանգներու կ՛ենթարկուի եւ գրեթէ բացակայ է կամ անտեսուած է նոր սերունդներու մէջ:
Ամուսնական անհաւատարմութիւնը կը բացատրուի այսօր ընտանիքի փլուզումով եւ քայքայումով, անկեղծ սիրոյ պակասով, ատելութեան զօրացումով, երեխաներու դժբախտացումով, անտարբերութեամբ եւ օտարացումով: Ասոնցմէ աւելի մեծ վտա՞նգ, կամ մեծ աղէ՞տ… Նայինք մեր շուրջը` որքան երիտասարդ ընտանիքներ կը քայքայուին անհաւատարմութեան հողի վրայ: Մարդ եւ կին, սիրով միաւորուած, կու գան եկեղեցի, Աստուծոյ առջեւ, հարազատներու, քահանայից դասի ներկայութեամբ ու վկայութեամբ սուրբ խորանի առջեւ կ’ուխտեն իրարու հանդէպ միշտ հաւատարիմ մնալ, սիրել, խնամել իրար եւ երբեք չդաւաճանել: Բայց ահա սիրով ու հաւատարմութեամբ սկսած միութիւնը շատ չանցած կը սկսի խորտակուիլ: Ին՞չ պատահեցաւ: Ինչու՞ այսպէս եղաւ: Չէ՞ որ կը սիրէին իրար, չէ՞ որ ուխտեցին Աստուծոյ առջեւ:
Այսօր յաճախ կը լսենք` որ փոխուած են ժամանակները, փոխուած են նաեւ ըմբռնումները, մօտեցումները ամուսնութեան ու ամուսնական հաւատարմութեան խնդիրի վերաբերեալ:
Այո՛, ժամանակները փոխուած են, շատ բան փոխուած է, մարդոց մէջ բարոյական արժէքները կործանած են: Այսօրուայ վիճակը նոյն վիճակն էր նաեւ երեք հազար տարի առաջ… Սոդոմ-Գոմօրը: Ուրեմն` ներկայիս վիճակը եւ մտայնութիւնը ոչ թէ զարգացում կոչենք, այլ հետընթաց: Հետընթաց դէպի բարոյականութեան անկում մակարդակին: Մէկ խօսքով` Վէճ, կռիւ, անվստահութիւն, ատելութիւն, վրէժխնդրութիւն, կեղծիք, սեռային հաճոյքի ցանկութիւն, եւ մանաւանդ դաւաճանութիւն, ասոնք անհաւատարմութեան պտուղներն են: Այս փոքրիկ որոմները, եթէ ուշադիր չ՛ըլլանք աստիճանաբար կը մեծնան, կ՛աճին եւ ի վերջոյ պայթելով կը կործանեն ընտանիքը:
Պսակի խորհուրդին մէջ, խորհրդակատար քահանան ամուսնացող զոյգէն կը պահանջէ դաւանութեան խոստումը` երեք անգամ տալով նոյն հարցը. «Տէ՞ր ես», «Հնազա՞նդ ես» մինչեւ մահ: Երեք անգամ նոյնը հարցնելը շատ հետաքրքիր խորհուրդ ունի. նախ` երեքը կը խորհրդանշէ Երրորդութիւնը, միւս կողմէ` չափազանց կարեւոր է, որ մարդը երեք անգամ դաւանի, որպէսզի, եթէ կասկած ունի, մէջտեղ գայ, փարատի: Ինչ կը վերաբերի «Տէր» եւ «Հնազանդ» եզրերուն, այս բառերը սքանչելիօրէն խորիմաստ բովանդակութիւն ունին: Ոմանք «Տէր» բառին մէջ կը տեսնեն «բռնակալութիւնը» եւ «Հնազանդ» բառին մէջ «ստրուկութիւնը»: Սակայն, իրական իմաստին մէջ, «Տէր» կը նշանակէ` պաշտպան, ապաւէն, խնամող, եւ ոչ երբեք` բռնակալ, իշխող:
Քրիստոս նաեւ յորդորելով հրամայեց չբաժնել, Ինչ որ Աստուած միացուց: Ի՞նչ կը նշանակէ հետեւեալ յորդորը: Կը նշանակէ թէ «Ամուսնութիւնը» հաճելի զբաղմունք չէ, ժամանակաւոր չէ եւ ոչ ալ կրկնուող, որուն կարելի է այդպէս թեթեւ վերաբերիլ: Հետեւաբար Քրիստոսի հետեւեալ յորդորը յատուկ կերպով կը հայի ապագայ ամուսիններուն որոնք լրջօրէն պէտք է մտածեն թէ արդեօք յարմա՞ր են իրար, թէ ո՞չ, կարո՞ղ են արդեօք ամուսնական լուծը կրել, պատրա՞ստ են փոխադարձ զիջումներու, զոհողութիւններու եւ այլն: Սակայն, անկախ ամէն ինչէ, ոեւէ մէկը ամուսնութենէ առաջ սխալած պիտի ըլլայ, մտածելով, որ կատարեալ մէկու հետ կ’ամուսնանայ: Բոլորս թերի ենք, որովհետեւ մարդ ենք` մեր բազում տկարութիւններով:
Եզրակացնելու համար, Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ հաւատարմութեան. հաւատարմութիւն ամուսնութեան կեանքի եւ հաւատարմութիւն կուսակրօնութեան: Հաւատարմութիւնը շնորհք մըն է, որով մեզ աւելի կը կապէ մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, որ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար` յանձն առաւ ամենայն հաւատարմութեամբ կրել խաչ, չարչարանք, եւ մահ: Մենք եւս մեր կեանքի մէջ կոչուած ենք հաւատարիմ ըլլալու մեր կոչումին` տէր ըլլալու եւ հնազանդելու մեր քրիստոնեայ հոգեւոր եւ բարոյական բոլոր արժէքներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.