2014-08-08 09:18:56

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէա ճամբորդութիւնը յոյս եւ հաշտութիւն կը ներշնչէ հիւսիս եւ հարաւ երկու Քորէացի ժողովուրդներուն:


Օգոստոս` 14 -18, Սրբազան Քահանայապետին Քորէայ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան գլխաւոր կէտնպատակներն են. հանդիպիլ Ասիայի երիտասարդներուն, ցամաքային 6-րդ հաւաքի առթիւ, ոգեկոչել քրիստոնեայ մարտիրոսները եւ աղօթել քորէական բաժնուած թերակղզիի հաշտութեան ի խնդիր։
Իր կեցութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը երանելի պիտի հռչակէ երկրի առաջին նահատակը` Փոլ Եուն Եի Չունկը ու անոր 123 ընկերները, որոնք 19-րդ դարուն իրենց հաւատքին համար թափեցին իրենց արիւնը։
Չորս օր տեւող առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Քահանայապետը առիթ պիտի ունենայ հանդիպելու աղքատներուն, որբ մանուկներուն եւ հիւանդներուն հետ, ինչպէս նաեւ` տեղացի կրօնապետերու եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։
Քորէա ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի երրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը։ Առաջինը հադիսացաւ Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրօն` Յուլիս 2013-ին, երկրորդը Սուրբ Երկիր` Մայիս 2014-ին։ Մինչ յառաջիկայ սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը միօրեայ այցելութիւն պիտի կատարէ Ալպանիա, որ պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւրոպական երկրի կատարած անդրանիկ այցելութիւնը։
Քորէա կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի արտասանէ 11 ճառ` ներառեալ քարոզներն ու Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ Քահանայապետը որ Իտալերէնը կը գործածէ որպէս պաշտօնական լեզու, Քորէայի մէջ երեք առիթներով պիտի օգտագործէ անգլերէնը։
Քահանայապետի Քորէա ճամբորդութիւնը յոյսի եւ հաշտութեան զգացումներ կը յարուցէ հիւսիս եւ հարաւ երկու Քորէացի ժողովուրդներու մօտ, որոնք կ'ակնկալեն հայրենիքի վերամիացումը եւ որուն մեծապէս կը սատարէ եւ թիկունք կը կանգնի Քորէայի կաթողիկէ եկեղեցին։ ։
Մամուլին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտնեց թէ Քահանայապետի մը Ասիա ցամաքամասի վերջին ճամբորդութիւնը տեղի ունեցած էր 1999-ին, երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը Տէլհին այցելած էր։
Այս երրորդ անգամն է որ Քահանայապետ մը Քորէա կ՛այցելէ։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, երկու անգամ այցելած է Քորէան` 1984-ին Քորէայի մէջ քրիստոնէութեան հաստատումին 200-րդ տարեդարձին առթիւ եւ 1989-ին Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային խորհրդաժողովին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.