2014-08-08 10:15:48

Տառապանքին արժէքը


Հեշտամահի կողմնակիցները կը յաւակնին արդարացնել զայն ու կը հաւաստեն, թէ նախընտրելի է մահը` քան ծանր ու տեւական տառապանքը, մերժելով ոչ միայն տառապանքին արժէքը, այլ նաեւ, մարդկային այն կեանքը որ կը ծնի, կ՛աճի եւ ինքզինք կը պարտադրէ, գերազանցելով բազմաթիւ վշտակրութիւններ որոնց կ՛ենթարկուի:
Եթէ տառապանքը օրինաւոր է սպանութիւնը կամ անձնասպանութիւնը, ո՞վ կրնայ վճռել թէ որ աստիճանի կամ ինչ տեսակի տառապանք նախընտրելի է կամ` մահը կ՛արդարացնէ:
Եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն, տառապանքը մեծ արժէք կը ներկայացնէ, ոչ լոկ կրօնական հաւատքի մօտեցումով, այլ նաեւ` մարդկային տեսակէտով:
Հոգեկան մարզին մէջ, ուրիշ որեւէ զգացումէ աւելի, տառապանքը մարդուն ինքնութեան ոգեկան եւ մարմնական իմաստ կու տայ:
Ցաւը կը հրահանգէ ենթական համբերութեան մէջ ինքն իր անձին տիրելու. կ՛առաջնորդէ, նաեւ, համերաշխութեան եւ միաժամանակ մասնակից ըլլալու ուրիշի ցաւին:
Ուրիշներու սահմանափակ ըլլալը ինքնաբուխ կերպով կը մղէ հասկացողութեան, խօսակցութեան, որոնք կր նպաստեն համերաշխութեան, ինքնանուիրումի, զոհողութեան եւ սիրոյ արժէքներր գնահատելու:
Կրօնական եւ գերբնական գետնի վրայ է, որ տառապանքը կր ստանայ իր բարձրագոյն ու գերազանց իմաստն ու արժէքը:
Քրիստոս փրկեց աշխարհը խաչով եւ իր անմեղ մահով. մարդն ալ, երբ ընդունի իր տառապանքը հաւատքի հոգիով կր ստանայ փրկագործ եւ ազատարար արժէք:
Քրիստոնէական վարդապետութեան համաձայն, ցաւը, մասնաւորապէս կեանքի վերջին պահերուն, յատուկ նշանակութիւն մը կր ստանայ աստուածային փրկարար ծրագիրին մէջ. ասիկա մասնակցութիւն մը կը դառնայ Քրիստոսի Չարչարանքներուն ու կը միանայ` փրկարար զոհագործութեան, որ Քրիստոս նուիրեց Հօր կամքը կատարելով:

Հաւատքով լուսաւորուած, հիւանդր կր գիտակցի ընդունիլ տառապանքը` անվրդով խաղաղութեամբ:
Մարդը կը զգայ թէ դատապարտուած է, որով կարօտն ունի ուրիշներու օգնութեան, անդրադառնալով միաժամանակ թէ անօգուտ մէկն է:
Տառապանքին փրկագործ իմաստին ճանաչումը, միացած Քրիստոսի, կր վերափոխէ այս յոռի գգացումը: «Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասը իմ մարմինիս մէջ կ՛ամբողջացնեմ», կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս (Կող. 1,24).
Պօղոս առաքեալի այս խօսքերր կու գան հաւաստելու, թէ Քրիստոսի տառապանքին մասնակից ըլլալու գիտակցութիւնը ներքին վստահութիւն կր ներշնչէ տառապած մարդուն, փրկարար գործի հոգեկան տարածքին մէջ, ուր Քրիստոս է որ կր ծառայէ եղբայրներուն ու քոյրերուն փրկութեան համար:
Այս գիտակցութիւնը ոչ միայն օգտակար՝ այլ նաեւ անփոխարինելի ծառայութիւն մըն է ուրիշներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.