2014-08-08 09:30:26

ՏԱՀԵՇ գրաւեց Իրաքի քրիստոնէական քաղաքը եւ հեռացուեցաւ Լիբանանի Արսալէն


Իրաքի քրիստոնեաներուն շուրջ քառորդը փախուստի դիմեց, երբ քրտական ուժերը գիշերանց նահանջեցին եւ Իսլամական պետութեան զինեալները գրաւեցին Նինուէ նահանգին մէջ գտնուող Քարաքոշ քաղաքը, որ մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներով բնակուած է:
Նինուէ նահանգը Պաղտատէն 400 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուի, եւ հոն կ՛ապրին կրօնական փոքրամասնութեանց մեծաթիւ անդամներ: Ըստ «Ֆրաթերնիթէ ան Իրաք» քրիստոնէական միջազգային կազմակերպութեան, որուն կեդրոնատեղին Փարիզ կը գտնուի, Նինուէի բնակչութեան մեծամասնութիւնը գիշերանց իր բնակարաններէն հեռացած է: Կը կարծուի, որ անոնցմէ շուրջ հարիւր հազարը ուղղուած է քրտական շրջան:
Քարաքոշի մէջ փեշմերկաներու հրամանատարը քաղաքի եպիսկոպոսապետին յայտնած է, որ իր ուժերը կը լքեն իրենց դիրքերը: Շարք մը բարձրաստիճան կրօնաւորներ հաստատեցին, որ քաղաքը գրաւուած է:
Քարաքոշի մէջ ականատեսներ յայտնեցին, որ իսլամական զինեալները եկեղեցիներէն վար կ՛առնեն խաչերը եւ կրօնական ձեռագիրները կը հրկիզեն: Իրաքի մէջ քաղդիացիներու Լուիս Սաքօ պատրիարքը հաստատեց լուրը` նշելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները 1500 պատմական արժէք ունեցող ձեռագիրներ հրկիզած են:
Միւս կողմէ ամբողջ գիշեր լիբանանեան բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն միջեւ արձանագրուած բախումներէն ետք, երէկ Լիբանանի Արսալ գիւղաքաղաքը դատարկուեցաւ վերոնշեալ ահաբեկիչներէն` անորոշ ձգելով լիբանանեան բանակէն եւ ներքին ապահովութեան ուժերէն առեւանգուած զինուորներուն ճակատագիրը: Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթը։
Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը հաստատեց, որ անոնք ողջ առողջ են, առանց յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու, թէ անոնք Արսալի՞, թէ՞ Քալամունի բարձունքները փոխադրուած են` զինեալներուն ապաստարաններուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.