2014-08-08 10:38:37

Կարտինալ Սանտրիի շնորհակալութիւնը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ու կոչը ի սպաս Իրաքի արտահանուած Քրիստոնեաներուն։


Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, հրատարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ իր սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին, Անոր ցուցաբերած մօտիկութեան եւ հոգատարութեան ու կոչին, ի սպաս հարիւր հազար Քրիստոնեայ Իրաքցիներուն որոնք տեղահան եղած են Իրաքի Նինուէի քաղաքէն եւ իրենց կեանքը փրկելու համար ուղղուած են դէպի Էրպիլ քաղաքը, իրենց ետին թողելով` տուներ, ինչքեր, դպրոց ու եկեղեցի։
Յայտարարութեան մէջ Կարտինալը` միանալով տեղական եւ աշխարհ ի սփիւռս կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցւոյ հովիւներու ցաւին ու մտահոգութեան, կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը Իրաքի քրիստոնեաներուն, նորոգելով իր սրտաբուխ աղօթքները եւ յոյս յայտնելով որ քաղաքացիական իշխանութիւններն ու պետութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները չ՛ուշանան իրենց մարդասիրական սատարը տալու եւ կասեցնելու քրիստոնեաներու անարդար արտաքսումը, այն հողերէն ուր անոնք կ՛ապրին 2000 տարիէ ի վեր, յատկապէս Իրաքէն եւ Սուրիայէն։Գործուած արարքները Աստուծոյ եւ մարդկութեան դէմ արարքներ են – գրած է Կարտինալը իր յայտարարութեան մէջ։
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը, մշտատեւ կապի մէջ է, Պատրիարք Սաքոյին, առաքելական նուիրակին եւ տեղական եպիսկոպոսներուն հետ եւ կը քաջալերէ բոլոր պատասխանատուները ու բոլոր անոնք որ զգայուն են արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագրին հանդէպ, ի գործ դնելու բոլոր անհրաժեշտ քայլերը, մեղմացնելու բնակչութեան տառապանքը որ կարիքը ունի ջուրի, ուտեստեղէնի եւ ապրուստի ամէնաէական նիւթերու, յատկապէս մանուկներն ու ծերերը որոնք անտհանդուրժելի նեղութիւններու ենթարկուած են։
Ցաւ ի սրտի, մտավախութիւնը այն է որ իրավիճակը աղէտալի հետեւանք ունենայ, եթէ վերջ չի դրուի նշուած ընդհանուր անապահովութեան, որ հետեւանքն է շատերու անտարբերութեան, հակառակ արտայայտուած բազմաթիւ դատապարտումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.