2014-08-07 09:27:55

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Իրաքի աղօթատեղիներուն դէմ գործուած յարձակումներուն


Չորեքշաբթի, 6 օգոստոսին, Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը վերահաստատեց իր կատարեալ զօրակցութիւնը նախագահական ընտրութեան վերաբերող Ռայի պատրիարքին կեցուածքին:
Խորհուրդը շեշտեց, որ նախագահական աթոռի դատարկումը` հանրապետութեան դատարկում կը նշանակէ:
Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ քաղաքական տարբեր տեսակէտները բարիքներ են, սակայն անոնք կրնան չարիքի վերածուիլ, եթէ քաղաքացիներուն միջեւ տարակարծութիւններու վերածուին: Խորհուրդը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն արագացնելու նախագահական ընտրութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւ յայտնեց ահաբեկչական շարժումներուն կողմէ Արսալի մէջ բռնկած արիւնալի դէպքերուն, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումներուն եւ բնակիչներուն տեղահան ըլլալուն գծով: Խորհուրդը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց բանակին ու ապահովութեան ուժերուն եւ քաղաքական ուժերէն պահանջեց քաղաքական պլոքներուն ընկերային եւ քաղաքական զօրակցութիւն տրամադրել:
Մարոնի եպիսկոպոսները իրենց վստահութիւնը յայտնեցին բանակին իմաստունութեան ու անոր ազգային առաքելութեան նկատմամբ եւ անհրաժեշտ նկատեցին, որ Լիբանանի բարեկամ երկիրները օժանդակեն բանակին զինման:
Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական կայունութեան առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեցին պետական քննութիւններու ներկայացած աշակերտները փրկելու իրենց անորոշութենէն:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Իրաքի աղօթատեղիներուն դէմ գործուած յարձակումներուն եւ յատկապէս Մուսուլի բնակչութիւնը բռնագաղթի ենթարկելուն եւ շրջանը քրիստոնեաներէն պարպելու արարքը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ արձանագրուած սպառնալիքներուն գծով:







All the contents on this site are copyrighted ©.