2014-08-07 09:37:16

Իրաքեան օդուժին եւ քիւրտերու օժանդակութեամբ յառաջխաղացք արձանագրուած է Մուսուլի մէջ


Մուսուլի մուտքին փեշմերկաներու եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ բուռն բախումները կը շարունակուին: Փեշմերկաները գրաւեցին Մուսուլի հիւսիսը գտնուող Շըլալաթ շրջանը:
Հիւսիսային Իրաքի ինքնավար մարզի փեշմերկաներու հարցով նախարարութեան բանբեր զօրավար Հելքիւրտ Հիքմաթ յայտնեց, որ ներկայ ճակատամարտը կը բաղկանայ քանի մը հանգրուաններէ, առաջին հանգրուանը աւարտած է եւ սկսած երկրորդ հանգրուանը, «եւ շուտով այս հարցով աւետիս մը պիտի տանք»:
Մինչ այդ, իրաքեան օդուժին եւ փեշմերկաներուն միջեւ գործակցութիւնը շարունակուեցաւ: Քրտական շրջանի խորհրդարանի բանբեր Թարեք Ճոհար յայտնեց, որ փեշմերկաներու հարցով նախարարութեան եւ Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութիւնն ու համակարգումը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատամարտը արագ կերպով վճռելու ուղղութեամբ «դրական քայլ մըն է»:
Իրաքի վարչապետութեան գրասենեակը յայտարարեց, որ իրաքեան օդուժին կողմէ ռմբակոծումի մը պատճառով Մուսուլի մէջ սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի 130 զինեալներ, ներառեալ` կազմակերպութեան ղեկավարներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.