2014-08-07 09:30:26

Իրան պատրաստ է Մուսուլէն տեղահանուած քրիստոնեաներուն օժանդակելու


Պաղտատի մէջ Իրանի դեսպան Հասան Տանահի յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է «իրաքեան Մուսուլ քաղաքէն տեղահանուած քրիստոնեայ գաղթականներու խնդիրներն ու տառապանքները մեղմացնելու»` ցաւ յայտնելով իրաքեան հասարակութեան եւ մասնաւորաբար քրիստոնեաներուն ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներուն պատճառով դիմագրաւած ցաւալի պայմաններուն համար:
Դեսպանը վստահեցուց. «Իրան պատրաստ է օժանդակութիւններ տրամադրելու` մեղմացնելու համար տեղահանուած քրիստոնեաներուն, ներառեալ` վիրաւորներուն խնդիրներն ու տառապանքները»:







All the contents on this site are copyrighted ©.