2014-08-07 09:38:59

Արսալի մէջ կացութիւնը կը մնայ լարուած


Արսալի մէջ կացութիւնը կը մնայ լարուած, բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բախումները կը շարունակուին։
Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը ամէն ջանք ի գործ դրաւ զինադադարի մը հասնելու համար, սակայն զինեալները մնացին Արսալի մէջ եւ պատճառ դարձան, որ Արսալէն յաւելեալ բնակիչներ տեղահան ըլլան:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին յայտարարուած այսպէս կոչուած զինադադարը կէս ժամ ետք ոչ եւս էր, եւ զինեալները սկսած էին ռմբակոծել բանակը, որ իր կարգին թնդանօթներով եւ բազմափողային հրթիռային համակարգով ռմբակոծեց ահաբեկիչներուն ապաստարանները:
Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին անունով խօսք առաւ շէյխ Պաքր Ռիֆային, որ յայտնեց, թէ զինեալներուն մօտ տակաւին կը գտնուին ներքին ապահովութեան ուժերուն մաս կազմող 17 զինուորականներ, ինչպէս նաեւ 10 բանակայիններ, որոնց ազատ արձակումին մասին զինեալները խոստում տուած են:
Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է դէպի Արսալ մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրել:
Սակայն Լապուէի բնակիչները արգիլեցին մարդասիրական օժանդակութիւններուն Արսալ մուտքը` դիտել տալով, որ անոնք պիտի հասնին ահաբեկիչներուն:
Մարդասիրական օժանդակութիւններուն Արսալ մուտքը արգիլելու արարքին դէմ իբրեւ բողոք լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ երիտասարդներ փակեցին փողոցներն ու մայրուղիները:







All the contents on this site are copyrighted ©.