2014-08-07 10:00:43

Ատրպէյճանի ուժերը զոհ տալով՝ ետ շպրտուած են Մարտունիի ճակատէն


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Նիուզ».– 5-6 Օգոստոսի լուսցող գիշերը՝ ժամը 11ին, սահմաններուն վրայ հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ջոկատայինները Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի հարաւ արեւելեան՝ Մարտունիի (Եուսուֆջանլու) ուղղութեամբ ձեռնարկած են հետախուզական ներթափանցման փորձի մը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ստորաբաժանումների կազմակերպուած գործողութիւնների արդիւնքում, հակառակորդը տալով մէկ զոհ (Սահիլ Եաշարօղլու Թառլանլը) եւ վիրաւորներ, յետ է շպրտուել ելման դիրքեր», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Բացի վերոյիշեալ փորձէն, 5-6 Օգոստոսին սահմանագիծի ամբողջ երկարութեամբ հակառակորդը զինադադարի դրութիւնը խախտած է շուրջ 370 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 7000 կրակոց։







All the contents on this site are copyrighted ©.